«Որդիների կանչ» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած Ժորա Սահակեանի հայրը՝ Վահիդ Սահակեանը, հիմք ընդունելով Գայեանէ Յակոբեանի արդէն նախկին փաստաբաններու յայտարարութիւնները, հնարաւոր կը համարէ, որ Գայեանէ Յակոբեանն ազատ արձակուի:
Այս մասին ան ըսած է Tert.am-ի հետ զրոյցին:
Ըստ Վահիդ Սահակեանի՝ թերեւս Աշոտ Փաշինեանը զղջացած է եւ կ'ուզէ, որ Գայեանէ Յակոբեանի նկատմամբ այլընտրանքային խափանման միջոց կիրառուի:
«Դատական նիստը դռնփակ է, մենք չգիտենք, թէ ներսում, ինչ է կատարուել: Սա դատավարութիւն է, ես ոչինչ չեմ կարող ասել»,- նշած է ան:
Վահիդ Սահակեանը տեղեակ չէ, թէ Գայեանէ Յակոբեանն ընդունած է մեղքը, թէ՝ ոչ:
Ըստ տեղեկութիւններու՝ Գայեանէ Յակոբեանն ընդունած է մեղադրանքը, սակայն, փաստաբանները ո՛չ հաստատած են այն, ո՛չ հերքած:
Նշենք, որ այսօր Աշոտ Փաշինեանի «առեւանգման գործով» նիստը դռնփակ ընթացած է:
Գայեանէ Յակոբեանն արդէն երկրորդ անգամ հրաժարած է փաստաբաններու պաշտպանութենէն: