Լիբանանի մէջ, օրերս, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն ներս տեղի ունեցած է «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցումի 2024-2025 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանիքի անդամներուն:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ազդակ» օրաթերթէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 20 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցումի 2024-2025 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանի, Ուսումնական խորհուրդի եւ արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանիքի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու, մրցանակակիր աշակերտներու եւ ծնողներու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան Ուսումնական խորհուրդի խօսքը արտասանեց Շանթ Ստեփան: Ան դիտել տուաւ, որ 2003 թուականին Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ հաստատուած շարադրական այս մրցանքին նպատակը կը մնայ նոյնը. վառ պահել Մհերին կտակը, քաջալերել հայ աշակերտը արեւմտահայերէնով արտայայտուելու, մեր ինքնութիւնն ու լեզուն պահպանելու եւ ամրապնդելու հայրենիքին եւ ազգին ծառայելու պատրաստակամութիւնը: Շանթ Ստեփան ըսաւ, որ լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեան իր կեանքը վերածեց ամբողջական ընծայաբերումի, աւելցնելով, որ ազգային վարժարանին մէջ ստացած հայեցի կրթութիւնը դրոշմուած էր Մհերի հոգիին մէջ: Միութենական կեանքին մէջ թրծուած եւ գաղափարապաշտ համոզումով ձեւաւորուած` ան իր պատանեկան տարիներէն իսկ ընտրած էր ծառայութեան ուղին, հետեւաբար երբ արցախեան շարժումի տագնապալի օրերուն ահազանգը հնչեց, ան չմնաց դիտորդ եւ մեկնեցաւ Արցախ ու 23 օգոստոս 1993-ին ինկաւ հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին ճամբուն վրայ:
Շանթ Ստեփան իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ըսաւ. « Մհերը զէնքով մեկնեցաւ հայրենիքի պաշտպանութեան, իսկ դուք այսօր կը զինուիք գիտութեամբ, մտածողութեամբ եւ գրիչով», նկատել տալով, որ շարադրութիւնը պարզապէս գրական վարժութիւն մը չէ, այլ ինքնահաստատում մըն է: Ան շեշտեց, որ իրենց պարտականութիւնը միայն յիշել չէ, այլ արժանի ըլլալ այդ յիշատակին, զինուիլ գիտութեամբ, խորանալ պատմութեան մէջ, պահպանել մեր արժէքները, տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն եւ դառնալ Հայ դատի գիտակից դեսպաններ: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ջութակի աշակերտուհի Նարին Խտըրեանը:
Օրուան պատգամախօսն էր Եղիկ Թաշճեան: Ան ըսաւ, որ փոքր տարիքէն Մհեր անդամակցած էր ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան եւ ապա` ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, ուր ստանձնած էր վարչական եւ այլ պատասխանատու պաշտօններ եւ հետագային անդամակցած` Զաւարեան ուսանողական միութեան, աւելցնելով, որ Մհեր քիչ կը խօսէր, բայց շատ կը գործէր` Ռոստոմի նման, կը մարմնաւորէր Արաբոյի ըմբոստ նկարագիրն ու արիութիւնը եւ Հրայր Դժոխքի կազմակերպական տաղանդը, հաստատելով, որ ոչ միայն կեանքով, նաեւ` մահով, Մհեր փաստեց Դաշնակցութեան գաղափարին ու գործերուն միաձուլումը: Մհեր, ինչպէս իր ընկերներուն համար ճանչցուած է` որպէս մտաւորական-մարտիկ, իր նահատակութեամբ, բայց մանաւանդ իր կարճ կեանքի բուռն գործունէութեան օրինակով մեզի` մնացողներուս, տուաւ վերջին, բայց միշտ շարունակուող դասը` սեփական կեանքի օրինակով դաստիարակել սերունդները:
Թաշճեան ըսաւ, որ «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքը այս տարի եւս փաստեց, որ հայ դպրոցը առաքելութիւն ունի հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ: «Նահատակներու յիշատակը յարգելը ոչ միայն բարոյական արարք է, այլ նաեւ` ինքնութեան, արժէքներու եւ պատմական շարունակականութեան պահպանման միջոց», հաստատեց բանախօսը` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ տակաւին յիշել, երբ այսօր մեր իսկ աչքերուն առջեւ կորսուեցաւ Արցախը, թեկուզ` ժամանակաւոր, այն սրբազան հայրենիքի մէկ մասը, ուր Մհեր եւ իր զինակիցները նահատկուեցան: Ան դիտել տուաւ, որ նոր սերունդը եւ երիտասարդութիւնը պէտք է յիշեն նահատակները, որովհետեւ այդ յիշողութիւնը միայն անցեալի մասին չէ, այլ` ինքնութեան, արժէքներու եւ ապագայի մասին: Ան շեշտեց, որ նահատակներու յիշատակը ազգային եւ պատմական ինքնութեան մաս է, իսկ հայ ժողովուրդի պատմութեան Վարդանանց ճակատամարտէն արցախեան ճակատամարտ անբաժանելի մասը գրուած է արիւնով: Նահատակները դարձած են մեր պատմութեան բարոյական յենասիւները: Առանց յիշողութեան` ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր շարունակականութիւնը:
«Նահատակները կը մարմնաւորեն` քաջութիւն, զոհողութիւն, պատասխանատուութիւն եւ հաւատք: Երիտասարդութեան համար անոնք օրինակ են ոչ թէ մահուան, այլ` սկզբունքի», շեշտեց Թաշճեան` հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կերտել երիտասարդ սերունդ մը, որ անտարբերութեամբ կը մօտենայ` մեր ազգային սկզբունքներուն, մեր հայրենիքին, մեր Եկեղեցւոյ եւ ընտանիքին: Ան ըսաւ, որ անցեալը յիշելը պարտականութիւն եւ անհրաժեշտութիւն է, աւելցնելով, որ յիշողութիւնը կը կանխէ մոռացութիւնը եւ սխալներու կրկնութիւնը, կը սորվեցնէ հասկնալ քաղաքական իրողութիւնները, ուժերու բախումները եւ ազգային անվտանգութեան կարեւորութիւնը: Յիշատակը նաեւ կը ստեղծէ համերաշխութիւն: Ընդհանուր ցաւն ու պայքարը ժողովուրդը կը միաւորեն եւ կը ստեղծեն պատասխանատուութեան զգացում` ապագայի նկատմամբ:
Խօսքը ուղղելով աշակերտութեան բանախօսը յայտնեց, որ Մհերի եւ մհերներու ճամբան յարգելը եւ յիշելը մեզ չի դարձներ անցեալի բանտարկեալներ, այլ` ըմբոստ ռազմիկներ, որոնք կ՛ուզեն ճեղքել անցեալի անարդար օտարներու կողմէ պարտադրուած շղթաները, որպէսզի կերտեն փայլուն ապագայ մը մեր ժողովուրդին համար: Հետեւաբար նահատակներու յիշատակումը պէտք չէ մնայ միայն սուգի մէջ, այլ պէտք է վերածուի գիտակցուած աշխատանքի` կրթութեան, պետականաշինութեան, անվտանգութեան եւ զարգացման մէջ: Ան ըսաւ, որ նահատակները կը յիշենք ոչ թէ միայն անցեալը յիշելու կամ սգալու համար, այլ` ապագան աւելի պատասխանատու կերպով կառուցելու համար, նկատել տալով, որ նահատակութիւնը պարտութիւն չէ, այլ` արժանապատուութեան բարձրագոյն արտայայտութիւն: Մհեր Ջուլհաճեան իր զոհողութեամբ վերահաստատեց, որ հայրենիքը սոսկ տարածք չէ, այլ` սրբութիւն, որ կը պահանջէ հաւատարմութիւն մինչեւ վերջ եւ մեզի սորվեցուց, որ հայրենասիրութիւնը խօսքերով չէ, այլ` գործով ու անձնազոհութեամբ:
«Մհերի ընտանիքին համար ան որդի էր, եղբայր, ընկեր: Ազգին համար` խորհրդանիշ: Անոր նահատակութիւնը միայն անձնական կորուստի պատմութիւն չէ, այլ` համազգային յիշողութեան մաս: Մենք պարտաւոր ենք պահել այդ յիշողութիւնը կենդանի` ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ` գործով», եզրափակեց Եղիկ Թաշճեան` յորդորելով, որ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը ըլլայ յաւերժական լոյս մեր ճանապարհին վրայ, անոր անունը դառնայ ուժ` ամրացնելու մեր հաւատքը, մեր միասնութիւնը եւ մեր պայքարը արդարութեան համար: Հերոսները չեն մեռնիր, քանի դեռ ժողովուրդը կը յիշէ ու կը շարունակէ անոնց երազը:
Ապա ցուցադրուեցաւ 2025-ի մրցանքին մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք հանդէս եկան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառի աշակերտներ` Սարգիս Եթերեան, Ժան Փիեր Վարդանեան եւ Հրակ Մոմճեան:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ձեռամբ սրբազան հօր եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի: Շարադրական մրցանքի առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ պատուոյ յիշատակութեան հանդիսացողները ստացան նիւթական պարգեւներ եւ յատուկ հաստատագիրներ: https://www.aztagdaily.com/archives/651607
Ձեռնարկին եզրափակիչ պատգամը յղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ան իր գնահատանքը յայտնեց Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանեկան պարագաներուն, որոնք շարադրական մրցոյթի ճամբով որոշած են տարիէ տարի մեր մէջ կենդանացնել անոր յիշատակը, ինչպէս նաեւ մեզ աշխատանքի մղելով` թելադրել, որ մենք ալ, մեր կարգին, մեր նահատակներուն գործը շարունակողները ըլլանք: Սրբազանը խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ, որ իրենց գրած շարադրութիւնները կը նմանցնէ իրենց սրտերէն քաղուած վարդերու` ընծայուած մեր նահատակներուն յիշատակին, որոնք միայն մեր երէկուան կեանքին չեն վերաբերիր, այլ կը վերաբերին այսօրուան եւ վաղուան մեր կեանքին, որովհետեւ մեզի կը յիշեցնեն, թէ իրենք ալ աշակերտներուն օրինակով, մեր դպրոցներէն, մեր կառոյցներէն անցնելով, պատրաստուեցան կեանքին համար սորվելով, թէ իրենց ունեցած գիտութիւնը, շնորհները, կարողութիւնները արժանաւոր են մասնաւորապէս Հայաստանի եւ հայութեան կեանքին համար, նաեւ յիշեցնելով մեզի, որ մեր ունեցածը օր մը մենք ալ պարտաւոր ենք հայութեան կեանքին ընծայել, այնպէս ինչպէս, մեր նահատակները ընծայեցին իրենց կեանքը:
Սրբազանը գնահատեց մրցանակակիր աշակերտները` մաղթելով, որ իրենց սորվածով փորձեն մեր կեանքէն ներս պաշպանել այն, ինչ որ արժէք եւ արժէքաւոր է: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ Արցախի անփառունակ անկումէն ետք մեր կեանքէն ներս սկսած է դիտաւորութեամբ կործանիլ այն բոլոր արժէքները, որոնց վրայ կը յենէր մեր կեանքի ամրութիւնը, վստահեցնելով, որ հայ ժողովուրդը անձնատուութիւն չ’ուզեր ճանչնալ իր կեանքէն ներս, այլ կ՛ապաւինի մեր ժողովուրդի դեռատի սերունդին` քաջ գիտնալով, որ աշխատանքը շարունակողներ պիտի ըլլան, պայքարը թերեւս առաւել եւս սաստկանայ, բայց հայութեան կամքը յաղթական պիտի մնայ:
