Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն Իրաքի Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցի շրջածիրէն ներս այցելած է Պաղտատի Հայ առաքելական առաջնորդարան:
Նախագահն Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Օշական Եպիսկոպոս Գուլգուլեանի ուղեկցութեամբ շրջած է եկեղեցւոյ մէջ, ապա ծաղկեպսակ զետեղած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի մօտ: