«Ծանր հիւանդութիւններէն մահացութիւնը Սիւնիքի մէջ ամենաքիչն է, եւ ես այդ կը կապեմ վաղ հետազօտուելուն հետ»
2018 թուականին, «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւն» (ԶՊՄԿ) փակ բաժնետիրական ընկերութեան կից ստեղծուած է առողջապահական ծառայութիւններու համակարգման գրասենեակ, որու նպատակն է աջակցիլ ընկերութեան աշխատակիցներուն ու անոնց ընտանիքի անդամներուն: Գրասենեակը բժշկական հարցերով տեղեկատուութիւն կը տրամադրէ, ինչպէս նաեւ նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, ուղղուած՝ առողջութեան պահպանման ու վերականգնման: Այն, իբրեւ այդպիսին ինքնատիպ կառոյց մըն է, որու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը ծագած է տարիներու ընթացքին: Գրասենեակի աշխատանքներու մասին պատմելով՝ գրասենեակի ղեկավար Պերճուհի Պօղոսեան նշած է, որ 2007 թուականէն ի վեր «ԶՊՄԿ» ՓԲԸ-ի աշխատակիցներն ունին ապահովագրութիւն, բայց քանի որ անոնց մեծ մասը Երեւանի բնակիչ չէ, իսկ հիւանդանոցները եւ առողջութեան պահպանման կեդրոնները հիմնականապէս կեդրոնացած են մայրաքաղաքի մէջ, ուստի անոնց այլ տեսակի աջակցութիւն պէտք էր այս ասպարէզին մէջ:
«Անոնք, Սիւնիքէն գալով Երեւան՝ հիմնականին չեն գիտեր՝ ո՞ր մասնագէտին եւ ո՞ր բժշկական կեդրոնին դիմել: Եւ որպէսզի չկատարեն յաւելեալ հետազօտութիւններ, որոնք այդ պահուն խնդիրը կրնան չլուծել, ուղղակի պէտք է դիմել անմիջապէս ճիշդ մասնագէտին: Այստեղէն առաջացաւ իրենց օգնելու եւ աջակցելու խնդիրը եւ ստեղծուեցաւ գրասենեակը»,- Երեւան հիմնուած գրասենեակի մասին «Արեւելք լրատուական»-ին պատմելով նշած է Պերճուհի Պօղոսեան: Ան գրասենեակի ձեռքբերումներէն համարած է այն, որ առողջութեան պահպանման ուղղուած իրենց ծրագիրներու հետեւանքով մարդիկ պարբերաբար կը հետազօտուին եւ հիւանդութիւնը կը յայտնաբերուի կանուխ փուլին, ինչ որ բարենպաստ է հիւանդութեան բուժման համար:
«Մինչեւ այս գրասենեակի ստեղծումը, մօտ հինգ տարի առաջ, երբ աշխատողները կը դիմէին բժշկական հաստատութիւններ, հիւանդութիւնն արդէն խորացուած փուլ հասած կ'ըլլար, իսկ հիմա, քանի որ անընդհատ իրազեկ կը դարձնենք ապահովագրութեան ծածկոյթով կատարուող հետազօտութիւններու մասին, տարեկան կանխարգելիչ քննութիւն կ'անցնեն եւ ունինք լաւ արդիւնքներ»,-ըսած է ան, աւելցնելով, որ գրասենեակն ունի 18-20 հազար շահառու, կ'աջակցի նաեւ կենսաթոշակի անցած նախկին աշխատողներուն, Քաջարան քաղաքի բնակիչներուն, որոնք չեն աշխատիր: Վերջիններուն նուազագոյնը տեղեկատուութիւն կը տրամադրուի, իսկ եթէ յատուկ ստեղծուած յանձնաժողովը կ'որոշէ այդ պարագային ալ ֆինանսաւորել, գրասենեակը իր վրայ կը վերցնէ նաեւ այդ մէկը: Աջակցութիւն կը ստանան նաեւ ընկերութեան Երեւանի աշխատակիցները:
Ըլլալով Հայաստանի ապահովագրական համակարգի ներդրման ակունքին մէջ՝ Պերճուհի Պօղոսեան շատ լաւ գիտէ բժշկական ապահովագրական դաշտը, առողջապահական պահպանման այս կառոյցը եկած է ոլորտի իր փորձի պատճառով եւ ան կը կարողանայ գրասենեակի աշխատանքներն ուղղել ապահովագրութեան հետ կապի համակարգման:
«Մեր շահառուները այս գրասենեակի միջոցով արդէն համակարգուած կը դիմեն ապահովագրական ընկերութեան, յետոյ՝ մեզի: Հանք աշխատող բանուորը յաճախ չի գիտեր՝ ինչպէ՛ս դիմել ապահովագրական ընկերութիւն, շատ յաճախ կը կաշկանդուի, ապահովագրականի պատասխանը լաւ չի ընկալեր, բայց երբ կանք մենք, մենք իրենց փոխարէն կրնանք դիմել ապահովագրական ընկերութեան, հաւաքագրել փաստաթուղթերը, օգնել լրացնել դիմումը եւ աջակցիլ հետագայ բուժման փուլերուն: Եւ քանի որ աշխատողները մարզէն Երեւան կու գան քիչ ժամանակով, աշխատանքէն կտրուելով, ուստի աւելորդ ժամանակ չեն կրնար մատնել, կ'օգնենք ժամանակը ճիշդ օգտագործելու»,-նշած է ան:
Ինչ կը վերաբերի տարածուած այն խօսակցութիւններուն, թէ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտ աշխատողները ձեռք կը բերեն ծանր հիւանդութիւններ, մեր զրուցակիցը պատասխանած է.
«Մենք հետազօտութիւնները, վիճակագրութիւնը ուսումնասիրած ենք եւ տեսած, որ մեր աշխատողներուն մօտ բաւական ցած է ուռուցքաբանական հիւանդութիւններու շեմը: Ըսեմ, որ ապացուցուած չէ ուղղակի կապն այդ հիւանդութիւններու առաջացման եւ աշխատանքի բնոյթի միջեւ, ընդհանրապէս, հիւանդութեան ծագումը դեռ անյայտ է: Բայց վիճակագրական տուեալներուն մէջ մահացութիւնը մեր մարզին մէջ ամենաքիչն էր, եւ ես այդ կը կապեմ վաղ հետազօտուելուն հետ: Միւս մարզերուն մէջ աւելի մեծ է այդ հիւանդութիւններու եւ անոնց պատճառաւ մահացութիւններու թիւը»,-ըսած է Պերճուհի Պօղոսեան եւ աւելցուցած, որ ինչպէս միւս մարզերուն եւ Երեւանի մէջ, Սիւնիքի մէջ ալ տարածուած են ազգային կենսակերպին բնորոշ հիւանդութիւնները: «Ըսենք՝ շաքարախտը. հանքը անոր հետ կապ չունի, կ'առաջանայ ծննդական (genetic) նախատրամադրուածութենէ եւ շարք մը այլ գործօններէ: Տարածուած է սիրտ-անօթային հիւանդութիւնները, որոնք կը սրուին աշնան, գարնան: Այսինքն, չկայ հիւանդութիւն մը, որու մասին կրնամ ըսել, թէ հանքարդիւնաբերական շրջաններուն մէջ աւելի շատ է, քան՝ միւս տեղերը»,-հիւանդութիւններու մասին խօսած ատեն նշած է գրասենեակի ղեկավարը:
«ԶՊՄԿ» ՓԲԸ-ի առողջապահական ծառայութիւններու համակարգման գրասենեակը կը համագործակցի Երեւանի բոլոր բժշկական կեդրոններուն հետ: Բժշկական կեդրոններէ եւ առողջապահական համակարգէ մասնագէտներ նաեւ կ'աշխատին գրասենեակ եւ նշած են, որ իրենք հիւանդը չեն կաշկանդեր, անոր կը տեղեկացնեն տուեալ հիւանդութեան ուղղութեամբ ուր ի՛նչ բաժանմունք կայ, կը տրամադրեն մասնագէտներու ցուցակը, անոնց մասին տեղեկատուութիւն, եւ հիւանդը ինք կ'ընտրէ բժշկական կեդրոնն ու բժիշկը՝ անշուշտ, գրասենեակի օգնութեամբ միշտ առաջնորդուելով լաւագոյն մասնագէտներու մօտ: Այստեղ կը գործէ նաեւ հիւանդութեան ու անոր բուժման մասին երկրորդ կարծիքի գաղափարը եւ գրասենեակի աշխատողները նշած են, որ երկրորդ կարծիքի պարագային անպայման կ'ընտրուի աւելի բարձր որակաւորում ունեցող բժիշկը:
Պերճուհի Պօղոսեան, խօսելով գրասենեակի տարիներու դրական համբաւի եւ յաջողութիւններուն մասին, նշած է մեծ փորձը՝ արտամարմնային բեղմնաւորման առումով: Տեղեկացանք, որ գրասենեակի աշխատանքի եւ ֆինանսաւորման շնորհիւ 3-4 տարուան ընթացքին 12-էն աւելի երեխաներ ծնած են եւ այս պահուն ալ կան զոյգեր, որոնք այդ միջոցով ծնողներ դառնալու ճանապարհին են:
«Սա, թերեւս, մեր ամենամեծ ձեռքբերումներէն է, եւ գրասենեակը պիտի ընդլայնէ իր աշխատանքը թէ՛ այս առումով եւ թէ՛ առողջութեան պահպանման ուղղուած իր միւս ծրագիրներու ուղղութեամբ: Կը տեսնենք, որ աշխատակիցները առողջութեան ուղղուած իրենց իրաւունքներուն աւելի լաւ կը տիրապետեն, կը բուժուին, կ'առողջանան եւ կը շարունակեն իրենց կեանքն ու աշխատանքը, ինչ որ կը մղէ մեզի նորանոր ծրագիրներ կազմելու»,-ըսած է մեր զրուցակիցը:
Հարցազրոյցը ՝«Արեւելք»ի