image

Ռուպիո պիտի մասնակցի ԱՄՆ-ի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպաններու հանդիպման աս եւ վարինը միացնել

Ռուպիո պիտի մասնակցի ԱՄՆ-ի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպաններու հանդիպման  աս եւ վարինը միացնել

ԱՄՆ-ի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատա Մուաուատը եւ ԱՄՆ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եխիել Լէյթեր Ապրիլ 14-ին՝ տեղական ժամանակով ժամը 11:00-ին (Երեւանի ժամանակով՝ 19։00), պիտի հանդիպին Ուաշինկթընի մէջ՝ մեկնարկելու երկկողմ ուղիղ բանակցութիւնները։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին նշուած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած օրակարգին մէջ։

Ըստ օրակարգին՝ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն պիտի միանայ երկու դեսպաններուն հետ «աշխատանքային մակարդակի» բանակցութիւններուն։

Կը նախատեսուի, որ քննարկումը կեդրոնանայ Լիբանանի մէջ հրադադարի ապահովման, ինչպէս նաեւ «Հըզպալլա»-ի զինաթափման եւ խաղաղութեան համաձայնութեան վրայ։

«Հըզպալլա» մերժած է նախատեսուած բանակցութիւնները՝ զանոնք կոչելով «անօգուտ» եւ կոչ ուղղելով Լիբանանի կառավարութեան՝ կեդրոնանալու Իսրայէլի «յարձակման» դէմ պայքարին վրայ։

Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ղասան Սալամէն յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի եւ Լիբանանի դեսպաններուն միջեւ սպասուող բանակցութիւնները «նախնական հանդիպում» են, որոնց նպատակը Իսրայէլի յարձակումները Լիբանանի վրայ դադրեցնելն է։

«Մենք կը խօսինք դեսպաններու մակարդակով նախապատրաստական հանդիպման մասին՝ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման, եթէ ոչ հրադադարի մասին»,– ըսած է ան Al Jazeera-ին։

Նախարարին համաձայն՝ երկու կողմերը կրնան քննարկել հնարաւոր խաղաղութեան բանակցութիւնները «որոշ չափով հանգիստ պայմաններու մէջ» միայն այն ժամանակ, երբ դադրին իսրայէլեան ռմբակոծութիւնները։ Ան նշած է, որ Լիբանանը արդէն ստացած է «որոշ խոստում, որ Պէյրութի տարածքին մէջ պէտք է ըլլայ լարուածութեան թուլացում», թէեւ երաշխիք բառը, ըստ նախարարին, հաւանաբար, չափազանց «մեծ բառ» է։

Ան ընդունած է, որ Լիբանանը մեծ լծակներ չունի բանակցութիւններու մեկնարկէն առաջ՝ աւելցնելով, որ կառավարութիւնը «կը փորձէ վերականգնել պետական իշխանութիւնը»։

«Հըզպալլա»-ի զինաթափման հարցին վերաբերեալ Սալամէն ըսած է, որ նման գործընթացը «ժամանակ կը պահանջէ» եւ չի կրնար իրականացուիլ քանի մը ժամուան կամ օրուան ընթացքին։