image
Հրատապ լուրեր:

Համազգայինի Սօս Սարգսեանի Թատերախումբը Լոս Անճելըսի մէջ՝ Արուեստի եւ Մշակոյթի Խաչմերուկ (Լուսանկարներ)

Համազգայինի Սօս Սարգսեանի Թատերախումբը Լոս Անճելըսի մէջ՝ Արուեստի եւ Մշակոյթի Խաչմերուկ (Լուսանկարներ)

Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, երբ Լոս Անճելըսի մէջ գարնանային խաղաղութիւնը կը միախառնուէր մշակութային նոր խանդավառութեան մը սպասումին, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը դարձաւ հանդիպման վայր մը, ուր հոգեւոր ու արուեստի  աշխարհները միմեանց կը զուգորդուէին։ Այս առիթով, Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան ընդունեց Համազգայինի Հայաստանի Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբը՝ ընդգծելով մշակոյթի, լեզուի եւ ազգային ինքնութեան կենսաւորման շարունակական ուղին։

 

Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի Հայաստանի Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբին, որ ներկայիս Լոս Անճելըս կը գտնուի՝ թատերական չորս գործեր ներկայացնելու ծրագիրով, գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Տիկին Նարինէ Գրիգորեանի, հիւրընկալութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան: Թատերախումբին մաս կը կազմէ նաեւ հայրենի դերասան եւ բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեան: Ազգային Առաջնորդարանի ընդարձակ դահլիճին մէջ կայացած հանդիպման նաեւ ներկայ եղան հիւրընկալ Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Մանուկ Ջուխաճեան եւ անդամներ՝ Տիկին Շուշիկ Արսլանեան եւ Տիար Րաֆֆի Օհանեան, ինչպէս նաեւ՝ «Աստղերու հաւատքով» բանաստեղծական գործի հեղինակ՝ Տիար Վիգէն Յովսէփեան, որուն գործը եւս ներառուած է թատերական ներկայացումներու ծրագիրին մէջ: Գեղամ Արքեպիսկոպոս ողջունեց հայրենի արուեստագէտները եւ դրուատեց՝ ընդհանրապէս Համազգայինի մշակութային գործունէութիւնը Հայաստանի եւ գաղութներու մէջ ու մասնաւորաբար՝ Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբի ազգային առաքելութիւնը հայաշխարհի մէջ՝ իբրեւ մասնագէտ թատերախումբ, որ միաժամանակ հայոց լեզուի երկու ճիւղերուն՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի, առողջ պահպանման ու կենսաւորման ընդգծելի աշխատանք կը տանի, միշտ հաւատարիմ իր հիմնադիրին՝ հայրենի նշանաւոր դերասան եւ բեմադրիչ Սօս Սարգսեանի պատուական աւանդին: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ծաւալեց մտերմիկ զրոյց, ծանօթացաւ խումբի անդամներուն եւ տեղեկացաւ աշխատանքներուն: Տիար Ջուխաճեան Շրջանային վարչութեան եւ հայրենի թատերախումբի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ զայն հրաւիրեց իր հայրական ներկայութեամբ պատուելու չորսորեայ թատերախաղերը, որոնք պիտի ներկայացուին Ս. Զատիկին յաջորդող օրերուն, 7-10 Ապրիլին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց լսելով խումբի բեմադրիչին եւ անդամներուն բացատրութիւնները, ապա Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբին ձօնեց պաշտօնական գնահատագիր, զոր ընթերցեց Ազգ. Առաջնորդարանի Դիւանապետուհի՝ Տիկին Քնար Գորթոշեան: Յայտնենք, որ լոսանճելըսահայութիւնը հրաւիրուած է թատերական կեանքի նորոգ խանդավառութեամբ ըմբոշխնելու ազգայնաշունչ եւ համամարդկային մտորումներով հարուստ չորս թատերական գործեր, որոնք տեղի պիտի ունենան նոյն՝ Barnsdall Gallery Theatre-ին մէջ (4800 Hollywood Blvd., Los Angeles), հետեւեալ ժամանակացոյցով. «Իսկ դրսում ձիւն է գալիս»՝ Երեքշաբթի, 7 Ապրիլ, երեկ. ժամը 7, «Մարդը ափի մէջ» (բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի հետեւողութեամբ)՝ Չորեքշաբթի 8 Ապրիլ, երեկ. ժամը 7, «Յաղթանակի Գենեզիս»՝ Հինգշաբթի 9 Ապրիլ, երեկ. ժամը 7, «Աստղերու հաւատքով»՝ Ուրբաթ, 10 Ապրիլ, երեկ. ժամը 7:30: