image

Արժանին՝ արժանաւորին. Աւօ Չաքմաքճեանի Քառասունքին առիթով պատշաճ նշում, յիշատակում եւ ոգեկոչում ​

Արժանին՝ արժանաւորին. Աւօ Չաքմաքճեանի Քառասունքին առիթով պատշաճ նշում, յիշատակում եւ ոգեկոչում  ​

Վաստակաւոր ուսուցիչ-կրթական մշակ, ազգային-միութենական շրջանակներուն ծանօթ, Պրն.Աւետիս (Աւօ) Չաքմաքճեանի քառասունքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Մարտ 2026-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: 

​Հակառակ տիրող անապահովական մթնոլորտին ու մտահոգիչ իրադարձութիւններուն, սգակիրներու պատկառելի թիւ մը փութացած էր եկեղեցի, որոնց շարքին Հ.Բ.Ը.Միութեան վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, ներկայութեամբ նաեւ տնօրէն՝ Պրն.Արա Վասիլեանի, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու եւ անոր յիշատակը ոգեկոչելու: 

​Եկեղեցական յաւուր պատշաճի արարողութենէն ետք, սգակիրները, Աւոյին կնոջ՝ Տիկ.Վերային եւ զաւակին՝ Յակոբին ընկերակցութեամբ, մէկտեղուեցան Ռ.Ա.Կ. «Պայքար» ակումբի սրահը, հոգեսուրճի մը ընդմէջէն, արժանի ձեւով անդրադառնալու եւ ոգեկոչելու Աւոյին պայծառ յիշատակը, իր բարեմասնութիւններով եւ արժանիքներով, գործունէութեամբ ու նպաստներով, նաեւ նկարագրային ուշագրաւ յատկանիշներով: 

​Առաջին խօսք առնողը եղաւ, Աւոյին մտերիմներէն, գործակիցներէն եւ անմիջականներէն, պաշտօնակից-ուսուցիչ Պրն.Պարոյր Աղպաշեանը:

​Պրն.Աղպաշեան հանգամանալի մանրամասներով, բնութագրեց Պրն.Աւոյին մարդկայնական բնաւորութեան գիծերը, հարուստ գիտելիքներու պաշարը, մասնագիտական կարողութիւնները, համակրական վերաբերմունքները եւ, ընդհանրապէս Աւօ-մարդուն ոգեշնչող դիմանկարն ու կերպարը:

​Խօսելով Պրն.Աւոյին ուսումնական դասաւանդման եւ ընկերային մօտեցումներուն մասին, Պրն.Աղպաշեան զանոնք նկատեց խիստ բարենշական, ուսանելիական, հետաքրքրական ու հաղորդական, վկայութեամբը, իր բազմահարիւր նախկին թէ ներկայ ուսանողներուն:

​Իսկ իր ընկերային եւ անկեղծ կապերը, իր հոգեհարազատ սաներուն հետ, դասարանէն ներս թէ դուրս, միշտ հանդիսացան անոնց ամենէն հետաքրքրաշարժ պահերը:

​Պրն.Աղպաշեան, նաեւ շեշտեց, որ Պրն.Աւօն սերտօրէն կ'ապրէր իր հայրենիքով ու Լիբանանով, առաջինին իւրաքանչիւր քայլով ու ճակատագիրով մտահոգուող անձնուիրութեամբ, իսկ երկրորդի պարագային, նոյնքան կառչած մնալու անոր հաւաքականութեան ու գոյութեան, հետեւաբար այս մասին, յաճախ հետը ունենալով մտերմիկ ու ջերմ զրոյցներ, տեղ մը պատնէշուելով, բայց առանց կորսնցնելու իր լաւատեսական տրամադրութիւնները: 

​Վերջապէս, ան իր խօսքը ուղղելով Աւոյին տիկնոջ, զաւակներուն՝ Լուչիային եւ Յակոբին, նաեւ քրոջ՝ Նելլիին, յորդորեց երբեք չտրտմիլ Աւոյին մեկնումով, այլ՝ արդարօրէն հպարտանալ որ իրենք Աւոյին բուխ ընտանիքին մաս կը կազմեն, այդ ոգին ու շունչը, ինչպէս իրենք, նաեւ «կրթական աշխարհի» ամբողջական ցանցն ալ նոյն զգացումներով, վերյիշելով զինք:

​Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան որպէս Աւոյին թաղային, դպրոցական, պատանեկան եւ երիտասարդական զուգընկեր, իր եւ իր անուանակիցին կեանքէն հաճելի եւ յուշելի դրուագներ պատմեց, թէ ինչպէս այդ բոլորը տեւած են շուրջ յիսուն տարի եւ կրնային տեւել շատ աւելի երկար, եթէ դառն ճակատագիրը ... չդաւաճանէր:

​Տոքթ.Տագէսեան իր այս անգին ու վարակիչ խօսքերով, ցոյց տուաւ եւ ապացուցեց, որ ընկերութիւնը ու հարազատութիւնը որքան պերճախօս կրնան ըլլալ, երբ Աւոյին նման սրտընկերոջ մը հետ կ'ապրիս, կը գործակցիս ու կը յարաբերիս, սակայն, յանկարծ, այդ բոլորը կը խլուին քեզմէ, ընդգծելով որ՝ ինք այդ տարանջատումը ապրեցաւ, բայց, միշտ մնաց իր եւ Աւոյին հետ առնչուած կամուրջներուն անփոխարինելի սիւներէն, այդ նուիրականութիւնները պահելով իր հոգիին մէջ, նոյն բարեմաղթանքները փոխանցելով նաեւ Աւոյին սիրելի ընտանիքին: 

​Արժանի յարգանք, յիշատակում եւ ոգեկոչում: 

 

Թղթակից