Կեանքի փոթորիկները եւ տառապանքները անհրաժեշտ են
մեր բոլորին, անոնք մեզի կը սորվեցնեն իմաստը սիրոյ,
պահելով խոնարհ, պարկեշտ, եւ աստուածավախ:
Ամենահզօրն Աստուած կը թոյլատրէ այս բոլորը...
Բայց չբողոքենք, չնեղանանք եւ երբեք չթողունք որ մեր
սրտերը քայքայեն, որովհետեւ եթէ ուշի ուշով սերտենք
դէպքերը եւ ապրի՛նք ճշմարտութիւնը, պիտի հասկնանք
թէ վերջ ի վերջոյ ամէնէն շահաւորը պիտի ըլլանք մենք՝
թէ՛ ասդենական, թէ անդենական կեանքի մէջ:
ԿԱՅԼԱԿ
(Յունիս 11, 2012)
«Սէր Ու Կրակ» գիրքէն