Երէկ գիշեր Իսրայէլ հրթիռակոծումներ կատարած է Դամասկոսի ուղղութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Մարսատ ալ Սուրի» կայքէն։
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ հրթիռները ինկած են Դամասկոսի «Քաֆար Սուսա» բնակելի շրջանին մէջ պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ։
Իսրայէլեան կարգ մը աղբիւրներուն յղում կատարելով «Ալ Մարսատ» կը հաղորդէ, որ զոհուած են անձեր, որոնց ինքնութիւնը ցարդ յայտնի չէ։
Կը նշուի նաեւ, որ չի բացառուիր, որ Իսրայէլ հարուածած է Դամասկոս ժամանած «Իրանի յեղափոխութեան պահակներ»ու խմբակ մը, բայց այդ բոլորին մասին տուեալները նախնական են ու տակաւին չեն հաստատուած։
Նշենք նաեւ, որ Սուրիոյ պատերազմի աւարտէն մինչեւ այս օրերը Իսրայէլ չէ դադրած թիրախ դարձնել Դամասկոսն ու անոր շրջակայ գաւառակները։