Իրանի մէջ առնուազն 35 մարդ զոհուած է, եւս 15-ը վնասուածքներ ստացած հանրակառքի արկածի հետեւանքով, որու մէջ կը գտնուէին Փաքիստանէն Իրաք մեկնող շիա ուխտաւորներ: Այս մասին հաղորդած է Mehr լրատուական գործակալութիւնը։
Միջադէպը տեղի ունեցած է լոյս 21 օգոստոսի գիշերը՝ Իրանի կեդրոնական մասը գտնուող Եազտի նահանգին մէջ։
Իր հերթին The Associated Press գործակալութիւնը յայտնած է, որ ըստ տեղւոյն արտակարգ ծառայութիւններու պաշտօնեայ Մոհամմատ Ալի Մալեքզատէհի՝ արկածի ամենահաւանական պատճառը կրնայ ըլլալ արգելակներու խափանումն ու վարորդի անուշադրութիւնը։
Ուխտաւորները կը մեկնէին Իրաք մասնակցելու Արպաինին՝ իմամ Հուսէյնի եւ անոր 72 զինակիցներու յիշատակին նուիրուած երթին: 2024 թուականին Արպաինը տեղի պիտի ունենայ 25-26 օգոստոսին։