image

Զինեալ յարձակում Երուսաղէմի մէջ. Զոհերուն թիւը հասած է 5-ի

   Զինեալ յարձակում Երուսաղէմի մէջ. Զոհերուն թիւը հասած է 5-ի

 Երեք տարուան պատերազմէն ետք, Իսրայէլի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր, անորոշ եւ անհեռանկար, իսկ այս  դէպքը, ծանր հարուած է Նաթանիահուի արդէն իսկ «սպառած» իշխանութեան։ 

 

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ այսօր առաւօտեան Երուսաղէմի հիւսիսային շրջանին մէջ զինեալ յարձակում տեղի ունեցած է։ Տեղեկութիւններու համաձայն՝ երկու զինեալներ բարձրացած են հանրակառք եւ կրակած ուղեւորներուն վրայ։Իսրայէլեան, «Քանալ 12»-ը եւ «Եդիհոտ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդեն, որ յարձակումին հետեւանքով առնուազն չորս մարդ զոհուած է, իսկ մօտաւորապէս  20 ուրիշներ վիրաւորուած են։ Բժշկական աղբիւրներ նշած են, որ կարգ մը վիրաւորներու վիճակը բաւական ծանր է.... 

Իսրայէլի բանակի ռադիոն փոխանցած է, որ «Շաբաք»-ի նախնական հետաքննութեան արդիւնքները կը մատնանշեն՝  զինեալները երկուքը Արեւելեան Երուսաղէմէն են։ Ներկայիս անոնց ճակատագրի մասին պաշտօնական տեղեկութիւններ չեն հրապարակուած։

Դէպքը պատճառած է լայնածաւալ անվտանգային ահազանգ՝ հսկողութիւնը սաստկացուած է շրջանին մէջ, տեղադրուած են ոստիկանական ու զինուորական ուժեր, իսկ շտապօգնութեան խումբերը կը գործեն միջադէպի վայրին մէջ։

 

 

 Զոհերուն թիւը քիչ առաջ հասաւ 5-ի։