Ապրիլ 12-ին Լիբանանէն մօտ 40 հրթիռ արձակուած է Իսրայէլի ուղղութեամբ, ատոնց մէկ մասը յաջողուած է որսալ՝ յայտնած է Իսրայէլի բանակը:
Իսրայէլի Զինուած ուժերու տուեալով՝ մնացած հրթիռներն ինկած են չբնակեցուած տարածքներու մէջ: Տուժածներու մասին տեղեկութիւն չկայ: Յարձակումներու պատասխանատւութիւնը ստանձնած է Լիբանանի մէջ գործող «Հըզպալլա» շարժումը:
Աւելի ուշ իսրայէլեան կողմը յայտարարած է Լիբանանի տարածքին պատասխան հարուածներու մասին: Թիրախ եղած են ռազմական դիրքեր եւ կառոյցներ: