image

Երեւանի մէջ. Լիբանանահայ յարգուած հաշուապահ՝ Վարուժան Սաչլեանի կորուստը

 Երեւանի մէջ. Լիբանանահայ յարգուած հաշուապահ՝ Վարուժան Սաչլեանի կորուստը

Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  արմատներով լիբանանահայ ՝ Վարուժան Սաչլեանը։ 

Սիրուած եւ նուիրեալ հայր, գաղութային շրջանակներու մէջ նոյնպէս յարգուած անձնաւորութիւն Վարուժան Սաչլեանը վայելած է իր շրջանակի խոր յարգանքն ու  ակնածանքը։

Հանգուցեալը եղած է Պէյրութի, մասնաւորապէս Հնչակեան շրջանակներու սիրուած եւ յարգուած մէկ անդամը։ 

Հայրենիքի տեսիլքով  ապրած ու գործած մեր հայրենակիցը, ըլլալով  յաջողակ հաշուապահ, կարողացած է հանդիսանալ փնտռուած եւ վստահելի մասնագէտ, որուն մօտ ալ փութացած են հասնիլ թէ՛ հայ եւ թէ՛ ալ տեղացի յայտնի գործարարներ։ 

Հանգուցեալը նոյնպէս եղած է ժրաջան մէկ անդամը ՀՄՄ-ին, որուն մասին ալ ՀՄՄ Կեդրոն դիմատետրեան էջը ձօնած է հակիրճ մահագրական մը։ 

Կը ներկայացնենք այդ մահագրութիւնը, նշելով նաեւ, որ վերջին տարիներուն ան հաստատուած էր Հայաստանի մէջ։

 

Հ.Մ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ,միութեան Բարձր Գնահատանք շքանշանակիր , վաստակաշատ տարիներու Հ.Մ.Մ Պէրութի վարչութեան անդամ՝

 ԸՆԿԵՐ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՍԱՉԼԵԱՆ-ի

մահը , որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի 3 Յուլիս 2024-ին Էրեւան-ի մէջ Հայաստան։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր Տիկնոջ Ընկհ. Անիին , զաւակներուն եւ Հ.Մ.Մ.ի մեծ ընտանիքին ։

Մեր յարգելի ընկերոջ յիշատակը անթառամ մնայ։