image

«Ոչ մէկ անգամ տրտունջ մը լսեցինք Մարի Ռոզ քոյրիկէն».Գրեց Ժան Հալլաճեան

  «Ոչ մէկ անգամ տրտունջ մը լսեցինք Մարի Ռոզ քոյրիկէն».Գրեց Ժան Հալլաճեան

Գանատահայ մեր հայրենակից՝ Ժան Հալլաճեան կը գրէ՝

Ռոզ քոյրիկը մեզի դաս կու տար իր անմրցելի տոկունութեամբ եւ համբերատարութեամբ, հաշտուելով այս վաղահաս տարերքին: Գտած էր այս աննախադէպ պարագաներու դիմադրականողութեան գաղտնիքը՝ ԱՂՕԹՔԸ:

Ի յիշատակ Հանգուցեալ հօրեղբօրս կնկան՝ Մարի Ռոզ Հալլաճեանին 

Հանգուցեալ Հօրեղբօրս Անթուանին կնկան մահուան բօթը չուշացաւ: Ժամեր առաջ կը զրուցէի Մանոյին հետ վերջին առողջապահական լուրերուն Մարի քոյրիկին մասին, տրուած ըլլալով դեռ շաբաթներ առաջ Մանօն իր սնարին մօտն էր ՝Հալէպ, իր որդիական վերջին հրաժեշտը տալու մօր մը, որ կանուխէն այրիացաւ եւ ընտանիքի պատասխանատուութիւնը շալկեց, Հանգուցեալ Անթուան Հօրեղբօրս առյաւէտ բաժանմուէն ետք:Անողօք էր հիւանդութիւնը, որ դաւադրած էր իր բարի էութիւնը ու մեզ մատնած էր յուսահատութեան: Ինք հակառակ Ֆիզիքական ո՛չ մխիթար վիճակին, երբե՛ք չէր գանգատեր, երբեք չէր տրտնջար ցաւերու առթած անտանելի չափէն: Ըստ սովորութեան, միշտ ապաւինած էր ամենակալի կամքին, ուր իր համոզումով՝ կարելի չէր հակառակիլ կամ ըմբոստանալ անոր դասաւորումներուն առաջ:

Նոյն ոճով , նոյն համոզումներով, հանդարաբարոյ ու բարեպաշտ իր նկարագրով, տարաւ իր զաւկին՝ հանգուցեալ Անիին անհանդուրժելի վիճակը, ուր Անին քամուած էր անկողնին, դատապարտուած յաւիտենական անշարժութեան: Տարիներ՝ ինք եւ հերոսուհի Անիին աղջիկը՝ Միրէյը, ու համայն ընտանիքը, Անիին իրենց աչքի լոյսին պէս խնամատարեցին ու վերջաւորութեան յանձնեցին իր հոգին Աստուծոյ խնամատարութեան:

Օր մը չլսեցինք Մարի Ռոզ քոյրիկէն ո՛չ մէկ տրտունջ, ո՛չ մէկ զզուանք անտանելի մթնոլորտէն: Նկարագրով այնքա՜ն բարեպաշտ էր, որ Աստուծոյ կողմէ որեւէ մէկ տնօրինում, կ՛ընդունէր որպէս ամենակալ տիրոջ կամքը: Այսպէս, նոյն այս ոգիի դրսեւորումով ,հանդիսանալով իր ընտանեկան պարագաներուն երիցագոյնը, իր հարազատներուն վաղահաս բաժանումը երկրային կեանքէն՝ ընդունեց իրապաշտութեամբ, եւ աղօթքը դարձուց իր միակ ապաւէնը ու բալասանը:

Եղբայրները՝ Անթուանը, Մօրիսը, իսկ քոյրերը Հէլէնը եւ Մատլէնը հեռացան այս աշխարհէն շատ վաղաժամ, բայց Մարի Ռոզ քոյրիկը մեզի դաս կու տար իր անմրցելի տոկունութեամբ եւ համբերատարութեամբ, հաշտուելով այս վաղահաս տարերքին: Գտած էր այս աննախադէպ պարագաներու դիմադրականողութեան գաղտնիքը՝ ԱՂՕԹՔԸ: Անձամբ, ծանօթ էի իր հօր՝ Միշէլին, նախկին զինուոր Ֆրանսական բանակին եւ Հօմսի Petroleum IPC ընկերութեան պաշտօնեայ եւ մօր՝ Նայիմէ Գիրէճեանին, որ միականի դարձած էր ցեղասպանութեան օրերէն եւ հարազատութեան իմաստով մեծ մօրս Ովսաննայի շառավիղներէն էր: Աւելցնեմ շեշտադրումով, որ Մարիռօզ քոյրիկը, ամէն ճիգ թափեց իր զաւակներուն՝ ապահվելու հայեցի դաստիարակութեան ձեռնտու մթնոլորտ եւ մղեց, որ մասնակցին ակումբային եւ հանրային գործին:

Մանոն եւ քոյրը Սոնան, վստահ եմ ի հետեւում իրենց մօր , պիտի աղօթքով մխիթարուին այս մահով ու արժանի ժառանգորդը պիտի ըլլան բարեպաշտ իրենց մօր:

Թող յոգնաբեկ հոգին խաղաղօրէն հանգչի ի վերին Երուսաղէմ:

Վշտակցաբար՝ Ժան Հալլաճեան, Թորոնթօ 24 Յունիս 2024