image

Երեւանի մէջ բերման ենթարկուած բոլոր ցուցարարներն ազատ արձակուած են

Երեւանի մէջ բերման ենթարկուած բոլոր ցուցարարներն ազատ արձակուած են

Առաւօտեան ոստիկանութեան բաժիններ բերուած բոլոր ցուցարարներն ազատ արձակուած են։ Տեղեկութիւնը յայտնած են ՆԳՆ մամուլի ծառայութենէն։

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ներկայացուցիչներն ու անոնց կողմնակիցները ժամը 08:00-էն բողոքի ցոյցեր կ՚իրականացնէին՝ կաթուածահար ընելով Երեւանի շարք մը փողոցներու երթեւեկութիւնը:

156 քաղաքացի ոստիկանութեան տարբեր բաժիններ տարուած էին ՀՀ վարչական իրաւախախտումներու մասին ՀՀ օրէնսգիրքի 182-րդ յօդուածով (ոստիկանութեան ծառայողի օրինական պահանջը չկատարելը)։