Փետրուար 4-ին դժբախտ դէպք տեղի ունեցած է Ծաղկաձորի մէջ: 14-ամեայ տղան դահուկ վարած ատեն ինկած է եւ մահացած: Դէպքի մասին մանրամասնութիւններ չեն յայտնած Ճոպանուղիէն, միայն որ դէպքի հետ կապուած քննարկում կ'ընեն եւ աւելի ուշ մանրամասնութիւններ կը յայտնեն․ գրած է hraparak.am-ը։
Ծաղկաձորի քաղաքապետարանի աշխատակազմի ղեկավարը ըսած է, որ դահուկներով սահելու ատեն տղան գլխիվայր ինկած է եւ մահացած. «Հագին եղել է պաշտպանիչ գլխարկ, հագուստ դահուկ քշելու համար, ցաւօք այնպէս է ընկել, որ գլուխը վնասել է եւ տղայի կեանքը փրկել չի յաջողուել»:
Նշուած է, որ տղան ազգութեամբ հայ է, սակայն կ'ապրէր Գերմանիա, բարեկամը հրաւիրած էր զինք Հայաստան եւ տղան եկած էր հանգստանալու: Քանի մը օր դահուկավարի հետ սորված է վարել, իսկ այդ օր մենակ եղած է եւ այս դէպքը տեղի ունեցած: