Յունիս 6-ին արտակարգ դեպք տեղի ունեցած է Արարատի մարզի մէջ։ Ժամը 12:50-ի սահմաններուն «Վեդի» բժշկական կեդրոնէն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Վեդիի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ «կրծքավանդակի առաջնային պատի օտար մարմին» վնասուածքով իրենց մօտ տեղափոխուած է երեխայ։
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ բժիշկները ոստիկաններուն յայտնած են, որ երեխան տեղափոխուած է Երեւանի «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոն։
Մինչ «Սուրբ Աստվածամայր» հիւանդանոցի աշխատակիցները կը պայքարէին երեխայի կեանքի համար, որ անոնք յաջողած են ընել, հետազօտման արդիւնքով պարզուած է, որ երեխան իրենց մօտ տեղափոխուած է «կրծքավանդակի ծակած վէրք» ախտորոշմամբ։
Վեդիի ոստիկանները պարզած են, որ ան Արարատի մարզի բնակիչ 14-ամեայ Սիսակ Ա.-ն է։ Ոստիկանները պարզած են նաեւ, որ յունիս 6-ին՝ ժամը 12:30-ի սահմաններուն տղան իրենց տան բակին մէջ իրենց պատկանող օդաճնշիչ հրացանով բակին մէջ առկայ ծառին կրակած է, եւ գնդակը յետադարձ կատարած է ու դպած Սիսակ Ա.-ի կրծքավանդակին։
Դէպքի փաստով ոստիկանութեան Վեդիի բաժնէն ներս փաստաթուղթեր կազմուած են, որոնք փոխանցուած են ՀՀ Քննչական կոմիտէի Արարատի մարզային քննչական վարչութեան Վեդիի քննչական բաժին։