image

Տիգրանաշէնի մէջ բնակիչները չեն հաւատար, որ Փաշինեան «կը յանձնէ» իրենց գիւղը

Տիգրանաշէնի մէջ բնակիչները չեն հաւատար, որ Փաշինեան «կը յանձնէ»  իրենց գիւղը

Բերձորի մէջ կառուցած իր տունը երեք տարի առաջ ատրպէյճանցիներուն ձգած Ռոմիկ Գրիգորեան չի զարմանար, որ իր պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ։ Ան ըսած է, թէ գիւղացիները գուցէ թերահաւատօրէն կը մօտենան յանձման թեմային, սակայն ինքը, որ անգամ մը տեսած է այդ, պատրաստ է ամէն ինչի։

Ռոմիկի 9 հոգինոց ընտանիքը վարձով հաստատուած է գիւղի վերջին տուներէն մէկը։ Գիւղի ամենաբազմազաւակ ընտանիքը հիմնականին անասնապահութեամբ կը փորձէ հոգալ իր կարիքները։

Արցախի իր տունը կորսնցուցած Ռոմիկ ըսած է՝ այս անգամ ինքն իր տունը հակառակորդին պիտի չզիջի․ պիտի պայքարի մինչեւ վերջ։

65-ամեայ Շահէն Կարապետեան գիւղի հնաբնակներէն է, կեանքի կէսն անցուցած է Տիգրանաշէն։ Ան իրենց գիւղն «անկլաւ»  չի համարեր, ըսած է՝ այն միշտ հայկական եղած է ։

«Ես իմ տեղում մնալու եմ, ոչ մի տեղ չեմ գնալու, բացառւում է»,- ըսած է ան:

Կարապետեան լսած է Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ  Տիգրանաշէնն ալ Տաւուշի եօթ գիւղերուն հետ պիտի յանձնեն Ատրպէյճանին, բայց ամենավատ երազին մէջ ալ չ'ուզեր պատկերացնել Տիգրանաշէնի յանձնումը։ Չի պատկերացներ ատրպէյճանցիներու ներկայութիւնը իրենց գիւղը, չի պատկերացներ իրարմէ կտրուած հայկական գիւղերը։

«Ես վստահում եմ Նիկոլ Փաշինեանին, չի կարող պատահի, որ սա յանձնուի: Ես Նիկոլ Փաշինեանին ընդունում եմ, սիրում ու յարգում եմ, հաւատում եմ իմ տղայի նման»,- ըսած է բնակիչներէն մէկը:

Չնայած Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ պատրաստ է Ատրպէյճանին յանձնել նաեւ Տիգրանաշէնը, գիւղի շատ բնակիչներ չեն հաւատար, որ իշխանութիւնը կ'ընէ նման քայլ։

Մայրաքաղաք Երեւանէն 40 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Տիգրանաշէն մօտ 40 ընտանիք կ'ապրի՝ շուրջ 180 բնակիչով։ Գիւղի միջնակարգ դպրոցը կ'ուսանի 19 երեխայ։

Գիւղացիներուն դեռ որեւէ պաշտօնեայ չէ այցելած, անոնց ճակատագրի հետ կապուած որեւէ պարզաբանում չէ տուած։ Տիգրանաշէնը յանձնուելու պարագային ինչպէս պիտի լուծուի գիւղացիներու վերաբնակեցման կամ իրարմէ կտրուող գիւղերու հաղորդակցութեան հարցը։

Համայնքապետը հրաժարած է զրուցել՝ պատճառաբանելով, որ գիւղ այցելելէն առաջ իր հետ նախապէս պայմանաւորուածութիւն չէ եղած։

Լուրը՝ News.am –էն: