Անգարայի մէջ Իսրայէլի նոր դեսպան Իրիթ Լիլիան 27 դեկտեմբերին իր հաւատարմագրերը յանձնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Թուրքիոյ ղեկավարի վարչակազմը յայտնած է «Թուիթըր»-ի էջին:
«Թուրքիոյ նախագահն այսօր նախագահական համալիրին մէջ ընդունած է Իսրայէլի նոր դեսպան Իրիթ Լիլիանի հաւատարմագրերը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Արարողութիւնը կայացած է մամուլի համար փակ դռներու ետին։
Լիլիան, որ նախապէս Անգարայի մէջ զբաղցուցած է Իսրայէլի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարի պաշտօնը, չորս տարուան ընդմիջումէ ետք դարձաւ Թուրքիոյ մէջ հրէական պետութեան առաջին դեսպանը։ Անոր նշանակումը հոկտեմբերին հաստատուած էր Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ։
Միաժամանակ նշանակուած է Թէլ Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպան։ Դիւանագիտական առաքելութիւնը կը ղեկավարէ Շաքիր Օզքան Թորունլարը, որ 2010-2013 թթ. ծառայած է որպէս Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս։
Դեսպաններու նշանակմամբ եւ հաւատարմագրմամբ Անգարան եւ Թէլ Աւիւը լիովին վերականգնած են դիւանագիտական յարաբերութիւնները։ 2018 թուականին Թուրքիան Կազայի հատուածի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի պատճառով Իսրայէլէն ետ կանչած էր իր դեսպանը։ Միաժամանակ հրէական պետութեան դեսպանը լքած էր Անգարան։