image

Կենսաթոշակի բարձրացում նախատեսուած չէ. Նախարար Թորոսեան

Կենսաթոշակի բարձրացում նախատեսուած չէ. Նախարար Թորոսեան

 

Կենսաթոշակները 2027 թուականի Յունուար 1-էն 1000 դրամով պիտի չբարձրանան։ «Փաստինֆօ»ի հարցումին ի պատասխան՝ այս մասին յայտնած են Հայաստանի Աշխատանքի եւ բարեկեցութեան նախարարութենէն։

Նախարար Արսէն Թորոսեան յայտարարած էր, որ թաղման նպաստի վճարման կարգը պիտի չփոխուի։ Հետեւաբար, ինչպէս «Փաստինֆօ»ի հետ զրոյցին ընթացքին նշած է նախարարութեան մամուլի խօսնակ Նուէր Կոստանեան, պետական պիւտճէէն միջոցներ պիտի չխնայուին, եւ այդ հիմամբ կենսաթոշակները 2027 թուականի Յունուար 1-էն 1000 դրամով պիտի չբարձրանան։