image

Սամուէլ Կարապետեանը պիտի մնայ կալանքի տակ

Սամուէլ Կարապետեանը պիտի մնայ կալանքի տակ

Հակափտածութեան դատարանը՝ դատաւոր Տիգրան Դաւթեանի նախագահութեամբ, օգոստոս 15-ին որոշում կայացուցած է եւս երկու ամիսով երկարաձգել «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի սեփականատէր, գործարար Սամուէլ Կարապետեանի կալանքի ժամկէտը։ Ան կալանաւորուած էր յունիս 18-ին։

Ուշագրաւ է, որ կալանքի ժամկէտը երկարաձգելու մասին որոշումը կայացուած է այն բանէ ետք, երբ նախապէս այլ դատական ատեաններ ոչ իրաւաչափ դիտարկած էին գործարարի նկատմամբ կիրառուած գործողութիւնները։ Մասնաւորապէս, յուլիս 30-ին ապօրինի  ճանաչուած էր Կարապետեանի բնակարանի խուզարկութիւնը, իսկ օգոստոս 13-ին Վերաքննիչ քրէական դատարանը ոչ իրաւաչափ ճանչցած էր անոր ձերբակալումը։

Աւելի վաղ դատարանի դիմաց Կարապետեանի փաստաբաններէն Արմէն Ֆերոյեանը ըսած էր, որ գործին մէջ մեղադրանքը հիմնաւորող որեւէ պատշաճ ապացոյց գոյութիւն չունի, եւ այդ հիմքով պաշտպանական կողմը կալանքի ժամկէտի երկարաձգումը եւս կը համարէ ապօրինի։

«Այս գործի նկատմամբ ճնշումները բազմաթիւ են ու շատ մեծ ծաւալների են հասնում»,– նշած էր փաստաբանը։

***

Հայաստանի կառավարութեան եւ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի սեփականատէր, գործարար Սամուէլ Կարապետեանի յարաբերութիւնները կտրուկ սրացան այն բանէ ետք, երբ Կարապետեանը յունիս 17-ին քննադատեց Հայաստանի իշխանութիւնները Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ հոգեւորականութեան դէմ սկսած արշաւի համար։

Յայտարարութեան կոշտ արձագանգեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որմէ ետք Կարապետեանի երեւանեան առանձնատան մէջ իրաւապահներն իրենց ձեւակերպմամբ «օպերատիւ գործողութիւններ» սկսան: