image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Եշիլգիւղի Վարժարանը նոր տնօրէնուհի ունեցաւ Տիլարա Ներկիզ Շապճեան

Պոլիս. Եշիլգիւղի   Վարժարանը նոր տնօրէնուհի ունեցաւ Տիլարա Ներկիզ Շապճեան

Պոլսոյ հայկական շրջանակներուն մէջ առողջ սերնդափոխութիւն ապահովելու կարեւոր ճիգերը կը շարունակուին։  Այս առումով  օրերս վերահասու դարձանք եւս ուրախ լուրով մը, որ կը վերաբերի Պոլսոյ Եշիլգիւղ  շրջանի հայկական  վարժարանին։  Արդարեւ  համայնքի երիտասարդ եւ աշխոյժ անուններէն  Տիլարա Նարկիզ Շապճեան  նշանակուած է   վարժարանի տնօրէնի պաշտօնին։

Ստորեւ  այդ մասին «Ժամանակ»ի հրապարակած լրատւութիւնը՝

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէնուհի նշանակուած է Տիլարա Ներկիզ Շապճեան։ Սա թէ՛ ողջունելի եւ թէ յուզումնախառն նշանակում մըն է, որովհետեւ նորանշանակ տնօրէնուհին կը յաջորդէ Մելիքճան Զամանին, որու անժամանակ կորուստը խոր յուզում պատճառած էր ամբողջ համայնքին։ Եշիլգիւղի ընտանիքն ալ ցնցում ապրած էր այդ կորուստով, իսկ ներկայիս մխիթարութիւն կապրի՝ ի տես արժանաւոր յաջորդի մը նշանակման։ 

Տիլարա Ներկիզ Շապճեան 2013 թուականէն ի վեր  կը պաշտօնավարէ Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ։ Ան՝ որպէս անգլերէնի ուսուցչուհի առաքելութեան ձեռնարկելէ վերջ, ստանձնած է նաեւ վարչական պատասխանատուութիւն։ 2022 թուականէն ի վեր կոչուած էր՝ դպրոցի համակարգման պաշտօնին։ Գնահատելով այս բոլորը՝ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը Շապճեանին վստահած է տնօրէնուհիի պաշտօն։ 

1982 թուականին Իսթանպուլի մէջ ծնած Տիլարա Ներկիզ Շապճեան Էսաեան վարժարանը աւարտելէ վերջ յաճախած է Մարմարա համալսարանի անգլերէնի ուսուցչութեան բաժինը։ Մագիստրոսութեան աստիճան ստացած է՝ մասնագիտանալով կրթութեան ոլորտի կառավարման եւ հակակշռման ուղղութեամբ։ 

Կը շնորհաւորենք նորանշանակ տնօրէնուհին, որուն կը մաղթենք յաջողութիւն։