Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն Ալասքա ժամանած է «ԽՍՀՄ» գրութեամբ վերնաշապիկով, գրած է «Իզվեսթիա»-ն՝ հրապարակելով համապատասխան տեսանիւթ:
Դիւանագէտը դուրս եկած է մեքենայէն եւ մտած Անքորիճի հիւրանոց: Լրագրողները Լաւրովին հարցուցած են, թէ արդեօք ան նախապէս եղած է Ալասքա։ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախարարը դրական պատասխան տուած է։
Յիշեցնենք, որ այսօր Ալասքայի Անքրիճ քաղաքին մէջ պիտի կայանայ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը: Հիմնական թեման պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ անվտանգութեան եւ տնտեսական համագործակցութիւնը։ Բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան երեկոյեան։