image
Հրատապ լուրեր:

ԵՄ առաքելութեան լիազօրութեանց հնարաւոր փոփոխութիւններու քննարկում

ԵՄ առաքելութեան լիազօրութեանց հնարաւոր փոփոխութիւններու քննարկում

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ (EUMA) պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը, անոր մանթատի հնարաւոր փոփոխութիւնները պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ:

Այս մասին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան խօսնակ Անիթա Հիփըրը։

«Առաքելութեան մանթատն է վերահսկել եւ զեկուցել հայ-ատրպէյճանական սահմանի հայկական կողմի մէջ տեղւոյն վրայ տիրող իրավիճակի մասին»,-ըսած է ան՝ նշելով, որ Եւրոմիութիւնը կ՚ողջունէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը եւ կոչ կ՚ընէ կողմերուն հնարաւորինս շուտ ստորագրելու եւ վաւերացնելու այն։