Ռուսիա կ՚աջակցի Հայաստանին Ատրպէյճանի հետ «Թրամփի ուղի» անուամբ փոխադրային միջանցք ստեղծելու ծրագրերուն, եթէ Երեւանը այդ անհրաժեշտ համարէ։ Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։
«Մենք այս հարցը կը քննարկենք այս պարունակին մէջ։ Հայաստանը մեր ռազմավարական դաշնակիցն է, եւ եթէ Հայաստանը կը կարծէ, որ իրենց համար ինչ-որ բան լաւ է, ապա, ի հարկէ, մենք այստեղ կ՚աջակցինք Հայաստանին», –ըսած է ան։
«Եթէ անոնք կը հարծեն, որ Ուաշինկթընի մէջ համապատասխան հռչակագրի ստորագրումը կ՚ապահովէ աւելի մեծ անվտանգութեան երաշխիքներ, ապա այդ լաւ է, քանի որ մենք եւս կ՚աջակցինք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան գործընթացներուն», –աւելցուցած է Օվերչուքը։
Անոր խօսքով՝ սա «լիովին եւ ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ» Ռուսիոյ Դաշնութեան շահերուն։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Fox News-ին ըսած է, որ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած Հռչակագիրը շօշափելի օգուտներ կը պարունակէ նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի համար։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ մամուլի բաժնի փոխտնօրէն Ալեքսէյ Ֆատէեւն ալ յայտարարած էր, որ Ռուսիան պիտի ուսումնասիրէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխադրային միջանցքի նախագիծի մանրամասնութիւնները, որ կը կոչուի «Թրամփի ճանապարհ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար»։
***
Օգոստոս 8-ին (Հայաստանի ժամանակով՝ օգոստոս 9-ին) Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճնի եւ ԱՄՆ-ի ղեկավարները համատեղ Հռչակագիր ստորագրեցին։ Հռչակագրի չորրորդ կէտին մէջ նշուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի աշխատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ փոխադարձաբար համաձայնեցուած երրորդ կողմերու հետ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» («Trump Route for International Peace and Prosperity» (TRIPP)) հաղորդակցութեան ծրագրի իրականացման շրջանակը սահմանելու նպատակով։