Սուրիոյ մէջ «Լուրեր»ու թղթակից Զարմիկ Պողիկեանը յայտնած է Քեսապի մէջ բռնկած հրդեհներու հետեւանքներու մասին:
Տարածաշրջանի շարք մը բնակավայրերու յարակից լայնատարած անտառները մոխրացած են հրդեհներու հետեւանքով: Այրած են նաեւ անտառներին յարակից մրգատու այգիները, բարեբախտաբար, մարդկային վնասներ չկան, բայց նիւթականը շատ մեծ է:
Գիշերը հրշէջ մեքենաներու, նաեւ գիւղացիներու ջանքերու շնորհիւ յաջողած են կրակը վերահսկելի դարձնել: Սակայն լեռներուն մէջ, որոնք դժուարհասանելի են հրշէջ մեքենաներու համար, կրակը կը շարունակէ բոցավառիլ: