Օրերս Երեւան տուած իր կարճ այցելութեան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան պատեհութիւնը ունեցած է այցելելու Armenian Lighthouse բարեսիրական կեդրոն։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցի ճամբով տարածուած լրատւութիւնէն։
Ստորեւ տրամադրուած տեղեկատւութիւնը՝
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ Արևմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք Խաչերեան այցելեց «Արմենիան Լայթհաուս» հիմնադրամ։ Սրբազան հայրը այդպիսով եղապ հիւրը «Արմենիան Լայթհաուս» բարեգործական հիմնադրամի հիմնադիրներ՝ ՝ Տէր եւ Տիկին Ղազարեան ամոլին։ Վերջիններս Լոս Անճըլըսի Օրէնճ Քաունթիի գաղութի անդամներ են։
Այցը առիթ հանդիսացաւ, որ Սրբազանը մօտէն ծանօթանայ հիմնադրամի բազմաբնոյթ ծրագիրներուն՝ «Մայրատուն» (ապաստան բռնութեան ենթարկուած կանանց եւ անոնց զաւակներուն), «Յոյսի Ճրագ» (հագուստի, մաքրութեան պիտանի պարագաներու եւ խոհանոցային իրերու տրամադրում դժուար պայմաններու մէջ գտնուող ընտանիքներուն եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն) եւ «Պնակ մը Կերակուր» (տաք ճաշի մատուցում համայնքի միայնակ տարեցներուն)։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց ծաւալուող աստուածահաճոյ աշխատանքին համար եւ ընդգծեց ի մասնաւորի ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի հայկական համայնքի շարունակական աջակցութիւնը հիմնադրամին։
Օրուայ կարեւորագոյն պահերէն էր Սրբազան Հօր կողմէ տարեցներուն մատուցուած ճաշի օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացնելը «Արմենիան Լայթհաուս»ի տարածքին գտնուող եկեղեցւոյ մէջ։