image

Երեւանի պատմութիւնը հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը

Երեւանի պատմութիւնը հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը

Երեւան քաղաքը ունի հազարամեակներու պատմութիւն։ Այդ հարուստ ժառանգութիւնը լաւագոյնս ներկայացուած է Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ, որ 2026-ին պիտի նշէ իր 95-ամեակը։ 95 տարիներու ընթացքին թանգարանը հաւաքած է աւելի քան 100.000 ցուցանմուշ, որոնք կը պատմեն մայրաքաղաքի անցեալին ու ներկային մասին՝ Էրեբունիի հիմնադրութենէն մինչեւ մեր օրերը։

Թանգարանին տնօրէնը՝ Գէորգ Օրբէլեան, կը նշէ թէ ցուցադրութիւններու միջոցով թանգարանը այցելուներուն կը ներկայացնէ Երեւանի հարուստ պատմութիւնն ու զարգացումը։ Աւելի՛ն, թանգարանը ունի նաեւ կտաւներու, կահոյքի եւ կենցաղային իրերու հարուստ հաւաքածոյ։

Ամառնային արձակուրդի ընթացքին թանգարանը կը կազմակերպէ հետաքրքրական կրթական ծրագրեր՝ աշակերտները քաղաքին ծանօթացնելու նպատակով։ Հոն տեղի կ՚ունենան նաեւ երաժշտական երեկոյթներ ու հանդիպումներ արուեստագէտներու հետ։

Երեւանի Պատմութեան թանգարանը մշակութային ամուր կապեր հաստատած է Չինաստանի տարբեր քաղաքներու թանգարաններուն հետ։ Շուտով պիտի բացուի չինական մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէս մը, ուր պիտի ներկայացուի փայտի վրայ կատարուած չինական գեղարուեստական փորագրութիւնը։