Լաթաքիոյ մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարանի միջնակարգի հանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Արք. Աշգարեանի։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Հալէպի «Գանձասար»էն։
Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը։
Ուրբաթ, 25 Յուլիս 2025-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ Ազգ.Ս. Նահատակաց վարժարանի միջնակարգի հանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.Տէր Մակար Սրբ.Արք. Աշգարեանի, որուն կողքին՝ Հոգշ․ Տէր Արմէն Աբղ. Գալայճեանի, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեանի, Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժն․ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Քէօշկէրեանի, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներու,Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղականութեան , Ազգ.Ս. Նահատակաց Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Լաթաքիոյ մարզական, բարեսիրական եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ ծնողներու։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սօսի Պետուրեան, մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի հետեւեալ տողերը մէջբերելով․ «Մենք քիչ ենք,այո՛, բայց հայ ենք կոչւում․․․Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»։ Ապա բացատրելով զայն ըսաւ, որ հայը սրբազան այն ժողովուրդն է, որուն ո'չ դարերը, ո'չ հազարամեակները, ո'չ բնութեան պատիժները, ոչ ալ պատմութեան արհաւիրքը, սպանդները եւ ջարդերը կրցած են պոկել իր հաւատամքէն ու տեսլականէն՝ «Մայր Հայաստան»-էն։ Ապա շեշտեց, որ սփիւռքի մէջ մեր գոյատեւման հիմնական միջոցները եղած են հայոց լեզուն եւ հայ դպրոցը, որոնք զարգացուցած են հայուն միտքն ու հոգին։
Արաբերէն բացման խօսքով Լարա Սապունճեան-Պետրեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ, որ անոնք վարժարանէն ներս զինուեցան հարուստ գիտելիքներով, որպէսզի դառնան տիպար անձեր եւ գիտակցութեամբ օժտուած հասնին աւելի բարձր հանգրուաններ։
Յայտագիրին սկիզբը կարգ մը աշակերտներ ներկայացուցին դրօշմաթուղթերու վրայ զետեղուած հայկական եկեղեցիներու մասին տեղեկութիւններ եւ մանրամասնօրէն բացատրեցին եկեղեցիներու պատմութիւնն ու դրօշմաթուղթերու իմաստը, ապա խումբ մը աշակերտներ հրամցուցին արաբերէն ներկայացում մը՝ «Գիտութեամբ հայրենիք կը կերտենք» խորագրով։ Այնուհետեւ Կապի Սալիպա (ջութակ) նուագեց հայկական երաժշտութիւն, ապա Թ․ կարգի նազանի շրջանաւարտուհիները ներկայացուցին հայկական Նազ պար։
Արաբերէն ուղերձը արտասանեց Սինթիա Շարպաք, ետքը կարգ մը աշակերտներ ներկայացուցին հայ երիտասարդութեան կարեւորութիւնը միջավայրին մէջ, դիտել տալով որ՝ եթէ կ'ուզենք տեսնել ազգի մը ապագան, պէտք է նայինք անոր երիտասարդութեան։ Անոնք շեշտեցին, որ հայ ազգը անպարտելի է իր նուիրեալ եւ ազգապաշտպան երիտասարդներով։
Վերջին զանգին ուղերձը ընթերցեց Գառնի Առաքելեան, ապա բոլոր շրջանաւարտները պարեցին հայկական ճոխ շուրջպար մը։
Վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Տէիրմէնճեան- Գարամարտեան հակիրճ զեկոյց տուաւ 2024-2025 ուսումնակրթական տարեշրջանին մասին, յիշելով մեր աւանդութիւնները, հաւատարիմ մնալով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.Կաթողիկոսի հռչակագրին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս տարեշրջանի ընթացքին նեցուկ կանգնեցան վարժարանին։ Ապա շրջանաւարտները ներկայացուցին վերջին զանգի պարը։
Հանդէսի աւարտին տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը՝ վկայականաց բաշխման արարողութիւնը գլխաւորելու եւ իր պատգամը ուղղելու։
Վկայականաց բաշխման կողքին, նախկին տարեշրջանի 9-րդ կարգի առաջնակարգ աշակերտներու պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Գերշ․ Տէր Մակար Արք. Աշգարեան։ Սրբազան հայրը իր ցնծութիւնը յայտնեց եւ միւս կողմէ յուզումնախառն ուրախութիւնը՝ ի տես մեր զաւակներու նուաճումներուն, մաղթելով եւ յուսալով, որ անոնք շատ աւելի բարձր վկայականներու տիրանան եւ ինչ որ սորված են տարիներու ընթացքին, ծառայեցնեն հայու նկարագիրի կերտման, բարոյական ըմբռնումներու ամրագրման եւ ապագայի կառուցման։
Ապա Մակար սրբազան յայտնեց, որ հանդէսի ընթացքին ներկայացուած նիւթերը մեզ կը հրաւիրէին ինքնաքննութեան եւ հայկական միջավայրին մէջ մեր ստանձնած պատասխանատուութեանց նկատմամբ յանձնառու մօտեցումի։ Բեմահարթակին վրայ կարեւոր հաստատումներ կատարուեցան ազգի մը էութեան, մեր սրբութիւններուն՝ դպրոցի, եկեղեցւոյ, հայրենիքի, մշակոյթի, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն մասին, որոնք իսկապէս մարդս մարդ կը դարձնեն։ Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ քրիստոնէական հասկացողութեան մէջ շարժուն մարդը արժէք չունի եթէ գիտակից չէ իր Աստուածատուր կոչումին, չի կրնար արդարացնել ժամանակը եւ իրենց տրուած շնորհները։
Սրբազան հայրը խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց որ հանդէսի նիւթերը շատ լաւ ձեւով ներկայացուցին, իրենց հպարտ կեցուածքով, առոգանութեամբ եւ արտայայտութիւններով։ Ապա մաղթեց, որ այս խօսքերը սոսկ շրթներէ արտաբերուած նախադասութիւններ չըլլան, այլ պատգամ ըլլան մեզմէ իւրաքանչիւրին ուղղուած՝ դրսեւորելու ապագայատեսիլ կեանք եւ գունաւորելումեր ընթացքը։ Մակար սրբազան հաստատեց, որ վկայականը արժէք չէ, անձը ինքն է որ կ'արժեւորէ այդ թուղթը, կեանքը, առաքելութիւնը, կոչումը՝ ճիգով ու ջանքով, ծառայական ոգիով, նուիրումով, գիտակցութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ։ Ապա շնորհաւորեց ծնողները՝ իրենց զաւակներուն վկայուելուն առիթով, մաղթելով որ անոնք աւելի բարձր վկայականներու տիրանան եւ հասնին այն բանին, որ Աստուած գծած է իրենց համար։
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ Ազգային իշխանութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի իր բոլոր լծակներով կը փորձէ իր ամբողջ ուժերը տրամադրել մեր ժողովուրդի, ազգային, եկեղեցական եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման համար։ Ուստի մեր ծնողները այս նպատակի իրականացման համար բաժին պէտք է առնեն իրենց առօրեայ կեանքին մէջ՝ աղօթելով բոլոր պատասխանատուներուն, որպէսզի Աստուածային իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ, տագնապի հոգիով աշխատանք տանին, եսասիրական շրջագիծէն դուրս գալով, իրենց անձին սեփական շահերը մոռնալով, աշխատելով եւ ստեղծագործելով յանուն ազգին ու համայնքին։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։