image

Պէյրութ. Եկեղեցասէր եւ նուիրեալ. Երանուհի Աբգարեանի կորուստը

 Պէյրութ. Եկեղեցասէր եւ նուիրեալ. Երանուհի Աբգարեանի կորուստը

Օրերս Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նուիրեալ հայուհի Երանուհի Աբգարեան։

 «Արեւելք» բօթը իմացաւ համացանցէն։

Ստորեւ հանգուցեալին մասին հակիրճ մահագրութիւնը, որ հրապարակուած է «Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում»ին կողմէ, որուն հաւատարիմ անդամուհիներէն էր հանգուցեալը։

Ոչ եւս է Տիկին Երանուհի Աբգարեանը։

«Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում»ը խոր վիշտով կը գուժէ մահը իր սիրելի անդամներէն` բարեպաշտ, հեզ, ազնիւ Տիկին Երանուհի Աբգարեանին, որ պատահեցաւ Պէյրութի մէջ, 06 Օգոստոս 2025֊ին։ Տիկին Երանուհին մասնագիտութեամբ դեղարարուհի է։ ան եղած է նուիրեալ Մայր, ուսուցման մարզի մէջ մեծ համբաւ ունեցող անձնաւորութիւն մը։

Հանգուցեալ Երանուհին, նուիրուածութեամբ եւ անվերապահօրէն երկար տարիներ շարունակած է իր անդամակցութիւնը եւ բարերարութիւնը, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին։ Ան վերջերս քսան տարուայ յուշանուէրի արժանացաւ։ Տիկին Երանուհին Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին հանդէպ անսահման հաւատք և խորունկ սէր ունեցած է, ինչպէս նաև՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ անսասանութեան։ 

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն։ Իր յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ։ 

Աստուած հոգին լուսաւորէ։

Խունկ և աղօթք իր անմահ յիշատակին։