image

Ատրպէյճանն ու Հայաստանը Ուաշինկթընի մէջ վերջին քայլը ըրած են խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ․ Ալիեւ

Ատրպէյճանն ու Հայաստանը Ուաշինկթընի մէջ վերջին քայլը ըրած են խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ․ Ալիեւ

Ատրպէյճանն ու Հայաստանը օգոստոս 8-ին վերջին քայլը ըրած են խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։ Միացեալ Նահանգներ կատարած այցի ընթացքին Fox News-ին տուած հարցազրոյցին այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

Հեռուստաալիքի կայքը յօդուած հրապարակած է, որուն մէջ ներկայացուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հարցազրոյցներէն հատուծներ։

Հարցազրոյցներն եղած են օգոստոս 9-ին, բայց հրապարակուած են օգոստոս 14-ին։

«Շատ դժուար պիտի ըլլայ որեւէ երկրի համար, թէ՛ մեր տարածաշրջանին մէջ, թէ՛ ատկէ դուրս, այսօրուան (խմբ․ օգոստոս 8-ի) նուաճման մասին վատ բան ըսել։ Որովհետեւ այսօր, ըստ էութեան, մենք վերջին քայլը ըրած ենք խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ»,-ըսած է Ալիեւը։

Ինչպէս ընդգծուած է յօդուածին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ «Թրամփի ուղի»ի (TRIPP) վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնագիրը ուղղուած չէ որեւէ մէկու դէմ։ Ան նշած է, որ սա նոր փոխադրային կապի նախագիծ է, որ պիտի դառնայ միջազգային փոխադրային ուղիներու կարեւոր բաղադրիչներէմ մէկը։

Հարցազրոյցին մէջ Իլհամ Ալիեւը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ անոր խումբին համաձայնագրի կնքման գործին մէջ ունեցած դերի համար։

Ամերիկեան Fox News-ն առաջինը Հայաստանի վարչապետի հարցազրոյցէն հատուած  մը հրապարակած է՝ վիտէո տարբերակով։ Այնուհետեւ՝ ժամեր անց, հրապարակած է առանձին յօդուած, որուն մէջ անդրադարձ եղած է ոչ միայն Ուաշինկթընի հանդիպման, այլ նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին, որմէ քանի մը կարճ պարբերութիւն ալ յատկացուած է Ալիեւի հարցազրոյցին՝ առանց վիտէո տարբերակի։