Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը ազատ է ընդունելու որեւէ որոշում, որ անհրաժեշտ կը համարէ իր ինքնիշխան տարածքներու վերաբերեալ, որ կը ներառէ Լաչինի ճանապարհը Հայաստանի հետ սահմանին։
Այս մասին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը յայտարարած է Անգարայի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ համատեղ ասուլիսին, հաղորդած է «Անատոլու» գործակալութիւնը։
«Լաչինի ճանապարհը (Լաչինի միջանցք) Ատրպէյճանի տարածքն է, Պաքուն ազատ է ընդունելու որեւէ որոշում, որ անհրաժեշտ կը համարէ: Այդ Ատրպէյճանի ինքնիշխան իրաւունքն է»,-ըսած է ան։
Ֆիտան նշած է, որ տարածաշրջանային կայունութեան ճանապարհը կ'անցնի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքմամբ։ Այստեղ մեծ նշանակութիւն ունի «Զանգեզուրի միջանցքի» բացումը, ըսած է թուրք նախարարը։
«Թուրքիոյ ուժը Ատրպէյճանն է, Ատրպէյճանի ուժը՝ Թուրքիան»,- եզրափակած է ան։