Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ երկրի հետախուզական ծառայութիւնները Սուրիոյ մէջ սպանած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման առաջնորդը:
Ինչպէս գրած է cnn.com-ը, ան մանրամասնած է, որ Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութիւնը տեւական ժամանակ հետեւած է Ապու ալ Հուսէյն ալ Հուսէյնի Ալ Քուրշիին:
Էրտողանի խօսքով՝ «Իսլամական պետութեան» առաջնորդը սպանուած է շաբաթ օրը:
Ալ-Քուրշին «Իսլամական պետութեան» առաջնորդ ճանչցուած է իր նախորդի՝ Ապու ալ Հասան ալ Հաշմի ալ Քուրայշիի մահէն ետք. վերջինս սպանուած էր անցեալ տարուան հոկտեմբերին Սուրիոյ մէջ:
Ալ Քուրշիի մասին քիչ բան յայտնի էր, բայց նշանակման պահուն «Իսլամական պետութիւն»ը անոր բնութագրած էր որպէս «հին մարտիկ»: