Անգարան Սթոքհոլմին եւ Հելսինքիին 10 պայման առաջադրած է, որոնց կատարումը կրնայ դրդել Թուրքիոյ իշխանութիւնները` վերանայելու վերաբերմունքը ՆԱԹՕ-ին Շուէտի եւ Ֆինլանտայի անդամակցութեան:
Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ներկայացուցիչներուն պահանջներու փաթեթը ներկայացուած է Մայիս 25-ին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին: Մասնաւորապէս, երկու երկիրները պէտք է յայտարարեն, որ կ'աջակցին Անգարային ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դիմակայելու հարցով եւ կ'ընդունին համապատասխան օրէնսդրական փաստաթուղթեր: Շուէտը եւ Ֆինլանտան պէտք է իրենց տարածքներուն մէջ փակեն բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք կապուած են Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան հետ, անոնց պատկանող հաշիւներն ու լրատուական աղբիւրները, թոյլ չտան անոնց վերաբացումը: Բացի այդ, Անգարան Սթոքհոլմէն եւ Հելսինքիէն կը պահանջէ հանել պաշպանական արտադրանքի արգելքը եւ արտայանձնել այն մարդիկը, որոնք կապուած են ահաբեկիչներու հետ: Թուրքիոյ իշխանութիւնները առաջարկած են նաեւ, որ երկիրներու յատուկ ծառայութիւններուն միջեւ համագործակցութիւն հաստատուի ահաբեկչութեանը դիմակայելու հարցերուն մէջ: