Անգարան մտադիր է թռիչքներ բանալ դէպի Հայաստանի տարբեր մարզեր եւ ընդլայնել առեւտրային կապերը Երեւանի հետ: Այս մասին գրած է Huriyyet պարբերականը` յղում ընելով Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմին մէջ տեղի ունեցած փակ քննարկումներուն:
«Որպէս առաջին քայլ որոշում կայացուա է բանալ օդային հաղորդակցութիւնը Հայաստանի հետ: Հետագային օրակարգին մէջ պիտի յայտնուի այլ շրջաններ իրականացուելիք թռիչքներու հարցը, մասնաւորապէս Վանը կրնայ զբօսաշրջային վայր դառնալ հայերու համար: Միեւնոյն ժամանակ կը նախատեսուի վերականգնել որոշակի պատմական ենթակառուցուածքներ, ինչպէս օրինակ` Կարսի մօտակայ կամուրջն ու շինութիւնը, որոնց հայերը մեծ նշանակութիւն կու տան: Հայկական սփիւռքի ճնշումը թոյլցնելու համար միեւնոյն ժամանակ կ'ընդլայնուին առեւտրային կապերը», կը գրէ թրքական պարբերականը:
Աւելի վաղ յայտնի դարձած է, որ հաստատուած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ օդային հաղորդակցութեան բացումը, թռիչքներ պիտի իրականացուին շաբաթական երեք անգամ: