Թուրքիան կրնայ «մտնել» Իսրայէլ այնպէս, ինչպէս ժամանակին մտած է Լիպիա եւ Լեռնային Ղարաբաղ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Ռիզէ նահանգին մէջ իշխող կուսակցութեան մասնաճիւղի նիստին:
Էրտողանի ելոյթը հեռարձակած է տեղական հեռուստաընկերութիւնը:
Էրտողան մատնանշած է Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ձեռքբերումները, սակայն, ըստ անոր, եթէ ատոնք զգալի ըլլային, ապա Իսրայէլը «չէր կրնար անհեթեթ գործողութիւնները ընել Պաղեստինի մէջ, ինչպէս ըրաւ»:
«Մենք պէտք է զօրաւոր ըլլանք: Ինչպէս մենք մտանք Ղարաբաղ, ինչպէս մտանք Լիպիա, այդպէս ալ պիտի վարուինք անոնց հետ (Իսրայէլի-խմբ.): Չկայ այնպիսի բան, որ մենք չենք կրնար ընել»,- ընդգծած է Էրտողան: