image

Թուրքիան աշխարհի գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է. ԱՄՆ սենատոր

Թուրքիան աշխարհի գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է. ԱՄՆ սենատոր

ԱՄՆ սենատի միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտես Թուրքիան անուանած է Արեւելեան Միջերկրական ծովուն ամենամեծ սպառնալիքը եւ Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ կլիմայի փոփոխութեան հետ մէկտեղ այն ներառած է միջազգային հանրութեան սպառնացող հիմնական մարտահրաւէրներու մէջ։ Մենենտես նման յայտարարութիւն ըրած է Քափոտիսթրիայի անուան Աթենքի ազգային համալսարանի դոկտորի պատուաւոր կոչում ստանալու արարողութեան ժամանակ։

«Այս լսարանին մէջ որեւէ մէկուն չեն ըսած, որ ամենամշտական ու անմիջական սպառնալիքը Արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ նախկինի պէս կը շարունակէ մնալ Թուրքիան։ Հակառակ անոր, որ Թուրքիան դաշնակից է ՆԱԹՕ-ի շրջանակին, այն մարտահրաւէր կը նետէ Յունաստանի ինքնիշխանութեան` Եգէական ծովուն մէջ սադրիչ թռիչքներ իրականացնելով։ Կործանիչներով օդային տարածքի խախտումն անընդունելի վարք է որեւէ երկրի համար»,- յայտարարած է ամերիկեան քաղաքական գործիչը։

Քննադատելով Կիպրոսի հիւսիսային հատուածի ապօրինի բռնազաւթումը, Մենենտես յայտարարած է, որ դէմ հանդէս կու գայ Անգարային սպառազինութեան արդիականացուած համակարգեր տրամադրելուն։ Ան մեղադրած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ պառակտիչ քաղաքականութիւն վարելու մէջ։

Խօսելով ԱՄՆ-ի եւ Յունաստանի յարաբերութիւններու մասին` սենատորը յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է այդ յարաբերութիւնը շարունակել ամրապնդել։