image

Թուրքիա պիտի երկարաձգէ՞ իր զինեալներու կեցութիւնը Ատրպէյճանի մէջ

Թուրքիա պիտի երկարաձգէ՞ իր զինեալներու կեցութիւնը Ատրպէյճանի մէջ

Նոյեմբեր 9-ին Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին մէջ քննարկման պիտի ներկայացուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս-թրքական մշտադիտարկման կեդրոնին մէջ թուրք զինուորականներու մանտաթը եւս մէկ տարիով երկարաձգելու մասին օրէնքի նախագիծը։

Օրէնքի նախագիծը նախաձեռնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը։

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու վերահսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի հիմնական նպատակն է վերահսկել Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան կէտերու եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը: