image

Ատրպէյճանի հետ համաձայնագրի կնքումէն ետք Թուրքիան եւս պիտի բանայ իր սահմանը Հայաստանի հետ. Ֆիտան

Ատրպէյճանի հետ համաձայնագրի կնքումէն ետք Թուրքիան եւս պիտի բանայ իր սահմանը Հայաստանի հետ. Ֆիտան

«Մենք պատրաստ ենք Հայաստանի հետ կարգաւորելու յարաբերութիւնները, երբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի»,-յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։ Այդ մասին ան խօսած է նոյեմբեր 18-ի երեկոյեան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 2026-ի երկրի պիւտճէի քննարկումներու ժամանակ։

Ֆիտան Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ընդգծած է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ Հայաստանի հարաւով նախատեսուած հաղորդակցային ուղիի հարցերը, որոնք «տեղ չեն գտած օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրուած բնագրին մէջ»։

«Այդ զգայունութիւններու յաղթահարմամբ եւ Ատրպէյճանի հետ վերջնական համաձայնագրի կնքումէն ետք Թուրքիան ալ պիտի բանայ իր սահմանային դռները Հայաստանի հետ», – նշած է Ֆիտանը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը համոզմունք յայտնած է, որ «Հայաստանի՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան համար այդչափ պատրաստակամ ըլլալու ամենամեծ դրդապատճառն այն է, որ կը նկատէ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով թրքական կողմի կամքը»։

«Երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, սահմանի բացումն ու տնտեսութեան աշխուժացումը իրենց համար [հայկական կողմի] կարեւոր հարցեր են», – ընդգծած է Ֆիտանը։

Մանրամասնելով Թուրքիոյ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով չշտապելու դրդապատճառները՝ Ֆիտան փորձած է այդ մէկը հիմնաւորել Հարաւային Կովկասի մէջ սառեցուած հակամարտութիւն թոյլ չտալու ցանկութեամբ։

«Մեր յարաբերութիւնները [Հայաստանի հետ] այս պահուն կարգաւորելով՝ Հայաստանի ձեռքէն կը խլենք Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար անհրաժեշտ ամենակարեւոր շարժառիթը։ Այդպիսով հնարաւոր է տարածաշրջանին մէջ սառեցուած պատերազմի առաջ կանգնինք, որ չենք փափաքիր», - նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։

Մինչ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը կապէ հայ-ատրպէյճանական գործընթացի հետ, Երեւանը կը յայտարարէ օր առաջ Անգարայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ու սահմանի բացման պատրաստակամութեան մասին։