image

Թուրքիա. Ձիւնամրրիկին պատճառով փուլ եկած է օդակայանի առաստաղը

 Թուրքիա. Ձիւնամրրիկին պատճառով  փուլ եկած է օդակայանի առաստաղը

 Միւս կողմէ  Պոլսոյ ու նաեւ երկրի մեծագոյն օդակայանի պահեստանոցի երթիքը փլուզուած է եւ ԱԻՆ մարմիններ փութացած են օդակայան եղած վնասները դարմանելու եւ քաղաքացիներուն նախնական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով։ 

Թուրքիան հարուածող ձիւնամրրիկը կը շարունակուի։ Երկրի ամենատարբեր հատուածներուն մէջ առատ ձիւնաթափը պատճառ դարձած է, որ կեանքը մասամբ անդամալուծուի։

 

 Նոյն պատկերն է նաեւ Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքներէն համարուող ՝ Պոլսոյ մէջ։

 

 Կը նշուի, որ երէկ նախատեսուած տասնեակ թռիչքներ դարձեալ ձիւնի պատճառով չեղեալ համարուած են, իսկ հարիւրաւոր ուղեւորներ ստիպուած եղած են գիշերել օդակայանի սրահներուն մէջ։

 Միւս կողմէ  Պոլսոյ ու նաեւ երկրի մեծագոյն օդակայանի պահեստանոցի երթիքը փլուզուած է եւ ԱԻՆ մարմիններ փութացած են օդակայան եղած վնասները դարմանելու եւ քաղաքացիներուն նախնական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով։ 

 

 Տեսանիւթով կը ներկայացնենք  օդակայանի երդիքի փլուզման պահը։