image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա չէ արտօնած Երեւանէն Պէյրութ ուղեւորուող օդանաւուն անցքը

Թուրքիա չէ արտօնած  Երեւանէն Պէյրութ   ուղեւորուող օդանաւուն անցքը

Թուրքիոյ օդային փոխադրութեան իշխանութիւնները FLYONE ARMENIA  ընկերութեան չեն տրամադրած Թուրքիոյ օդային տարածքով դէպի Լիբանանի Հանրապետութիւն թռիչքներու իրականացման (overflight) հնարաւորութիւն: Այս մասին կը յայտնեն ընկերութենէն:

Ստեղծուած իրավիճակի ն հետեւանքով` ընկերութիւնը ստիպուած է մինչեւ Յուլիս 21 չեղարկել Երեւան-Պէյրութ-երեւան երթուղիով թռիչքները:

Նշենք, որ Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան, Երեւան-Փարիզ-Երեւան եւ Երեւան-Լիոն-Երեւան երթուղիով թռիչքները կ'իրականացուին համաձայն ցուցակի: Դէպի Պէյրութ թռիչքներու վերսկսման վերաբերեալ պիտի տրուի համապատասխան տեղեկատուութիւն: Ընկերութիւնը կը հայցէ ուղեւորներուն ներողամտութիւնը պատճառուած անյարմարութիւններուն հետ կապուած:

Օդանաւային ընկերութիւնը ուղեւորներուն կ'առաջարկէ հետեւեալ այլընտրանքները:

Թռիչքի ամսաթիւի փոփոխութիւն;

Credit Shell Գումարի 110%–ի չափով վերադարձ ձեր FLYONE անձնական հաշիւ․ միայն տոմսեր, գնուած կայքով կամ յաւելուածով;

Չեղարկուած թռիչքի` տոմսի, գումարի ամբողջական վերադարձ:

Եթէ տոմսը գնուած է զբօսաշրջիկական գործակալութենէ, օդանաւային ընկերութիւնը կը խնդրէ կապ հաստատել գործակալութեան հետ` ընտրելու ներկայացուած այլընտրանքերէն մէկը: