Թուրքիոյ օդային փոխադրութեան իշխանութիւնները FLYONE ARMENIA ընկերութեան չեն տրամադրած Թուրքիոյ օդային տարածքով դէպի Լիբանանի Հանրապետութիւն թռիչքներու իրականացման (overflight) հնարաւորութիւն: Այս մասին կը յայտնեն ընկերութենէն:
Ստեղծուած իրավիճակի ն հետեւանքով` ընկերութիւնը ստիպուած է մինչեւ Յուլիս 21 չեղարկել Երեւան-Պէյրութ-երեւան երթուղիով թռիչքները:
Նշենք, որ Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան, Երեւան-Փարիզ-Երեւան եւ Երեւան-Լիոն-Երեւան երթուղիով թռիչքները կ'իրականացուին համաձայն ցուցակի: Դէպի Պէյրութ թռիչքներու վերսկսման վերաբերեալ պիտի տրուի համապատասխան տեղեկատուութիւն: Ընկերութիւնը կը հայցէ ուղեւորներուն ներողամտութիւնը պատճառուած անյարմարութիւններուն հետ կապուած:
Օդանաւային ընկերութիւնը ուղեւորներուն կ'առաջարկէ հետեւեալ այլընտրանքները:
Թռիչքի ամսաթիւի փոփոխութիւն;
Credit Shell Գումարի 110%–ի չափով վերադարձ ձեր FLYONE անձնական հաշիւ․ միայն տոմսեր, գնուած կայքով կամ յաւելուածով;
Չեղարկուած թռիչքի` տոմսի, գումարի ամբողջական վերադարձ:
Եթէ տոմսը գնուած է զբօսաշրջիկական գործակալութենէ, օդանաւային ընկերութիւնը կը խնդրէ կապ հաստատել գործակալութեան հետ` ընտրելու ներկայացուած այլընտրանքերէն մէկը: