image

Թորոնթօ. Մահացած է համայնքային յարգուած գործիչ ՝ Անդրանիկ Չիլինկիրեան

Թորոնթօ. Մահացած է համայնքային յարգուած գործիչ ՝ Անդրանիկ Չիլինկիրեան

 Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային գործիչ, երկար տարիներու վարժապետ Անդրանիկ Չիլինկիրեանը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր արժանաւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Զարգարեանի դիմատետրի էջէն։

 

Տէր Հայրը, այս առթիւ գրած է կարճ մահագրական մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։՝

 

«Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (ՄԱՏԹԷՈՍ 25:21) 

 

Խոր վշտով կը տեղեկացնենք մեր հաւատացեալներուն, որ 27 Յունուար, 2022-ին իր հոգին ի Տէր աւանդեց Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրեալ եւ հաւատաւոր զաւակ, Սբ. Սահակ եւ Սբ. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի երկարամեայ վաստակաշատ պատւոյ ուսուցիչ, ազգային գործիչ՝ Տիար Անդրանիկ Չիլինկիրեանը: 

Թող բարին Աստուած Իր երկնային լոյսերու խաղաղութեան մէջ ընդունէ Պրն. Անդրանիկի հոգին եւ սուրբ հոգով մխիթարէ համայն Չիլինկիրեան ընտանիքը եւ բոլոր սգաւորները»