Հայրենիք Հայաստանի, հայութեան, լիբանանահայ համայնքի խնդիրներով ապրող բժիշկը իր աչքերը յաւերժին փակած է սրտի կաթուածի հետեւանքով ծանր վշտի մատնելով իր ընտանեկան պարագաները, հարազատները ու նաեւ զինք ճանչցող հասարակութիւնը։
Օրերս Թրիփոլիի մէջ իր մահկանացուն կնքած է քաղաքի հայկական համայնքի սիրուած զաւակներէն՝ Տօքթ. Ռաֆֆի Նալպանտեանը (Ծնեալ 1964-ին Թրիփոլի)
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Իր մանկութիւնը Թրիփոլիի մէջ անցուցած բժիշկը վաղ երիտասարդութեան փոխադրուած է ՝Հայաստան եւ վկայուելէ ետք, իբրեւ ատամնաբոյժ վերադարձած է իր սիրելի ծննդավայրը՝ Թրիփոլի, ուր գործած է, որպէս բժիշկ ու աշխուժօրէն մասնակցած համայնքային գործունէութեան վայելելով հայ, թէ տեղացի շրջանակներու սէրն ու յարգանքը։
Կազմած է ընտանիք ամուսնանալով Անիթա Ալլոզեանին հետ եւ բախտաւորուած են երկու դուստրերով Լիլիթ եւ Սանահին։