image

Թրիփոլին կորսնցուց իր առաքինի զաւակներէն մին. Մահացած է Տօքթ. Ռաֆֆի Նալպանտեանը

 Թրիփոլին կորսնցուց իր առաքինի զաւակներէն մին. Մահացած է Տօքթ. Ռաֆֆի Նալպանտեանը

  Հայրենիք Հայաստանի, հայութեան, լիբանանահայ համայնքի խնդիրներով ապրող բժիշկը իր աչքերը յաւերժին փակած է սրտի կաթուածի հետեւանքով ծանր վշտի մատնելով իր ընտանեկան պարագաները, հարազատները ու նաեւ զինք ճանչցող հասարակութիւնը։

Օրերս Թրիփոլիի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  քաղաքի հայկական համայնքի սիրուած զաւակներէն՝ Տօքթ. Ռաֆֆի Նալպանտեանը (Ծնեալ 1964-ին Թրիփոլի)

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

Իր մանկութիւնը Թրիփոլիի մէջ անցուցած բժիշկը վաղ երիտասարդութեան փոխադրուած է ՝Հայաստան եւ վկայուելէ ետք, իբրեւ ատամնաբոյժ վերադարձած է իր սիրելի ծննդավայրը՝ Թրիփոլի, ուր գործած է, որպէս բժիշկ ու աշխուժօրէն մասնակցած համայնքային գործունէութեան վայելելով հայ, թէ տեղացի շրջանակներու սէրն ու յարգանքը։

 Կազմած է ընտանիք ամուսնանալով Անիթա Ալլոզեանին հետ եւ բախտաւորուած են երկու դուստրերով Լիլիթ եւ Սանահին։