Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեղադրած է Միացեալ Նահանգները՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Ուքրանիա ներխուժելու հարցով «գրեթէ ստիպելու» համար։
Real America's Voice-ին տուած հարցազրոյցին մէջ նախկին նախագահը քննադատած է Պայտընի վարչակազմը՝ պնդելով, որ Ուքրանիոյ պատերազմին նախորդող ամիսներու ընթացքին առկայ «հռետորաբանութիւնը» նպաստած է Փութինի որոշման:
«Մեր երկիրն ու մեր այսպէս կոչուած ղեկավարութիւնը, իրականութեան մէջ, ծաղրեց Փութինը. անոր գրեթէ ստիպեց նման քայլի դիմել։ Այդ յիմար հռետորաբանութիւն էր»,- ըսած է Թրամփ:
Ան պնդած է, որ Ուքրանիա ներխուժումը «երբեք» չէր ըլլար, եթէ ինքը դեռ նախագահի պաշտօնին ըլլար։