ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը չեղարկած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ մօտ ապագային հանդիպելու ծրագրերը, հաղորդած է Reuters-ը՝ յղում ընելով Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնեայի։
Գործակալութեան աղբիւրը յայտնած է, որ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Սերկէյ Լաւրովի եւ Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ հանդիպումը, որ նախատեսուած էր Պուտափեշթի մէջ Փութին-Թրամփ գագաթնաժողովին նախապատրաստուելու համար, նոյնպէս պիտի չկայանայ։
Պուտափեշթի մէջ գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները, որու մասին Թրամփը յայտարարած էր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք, եւ որ ան յոյս ունէր կայացնել առաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին, դադրեցուած են, NBC News-ին հաստատած է աղբիւրը։
«Ռոյթըրզ»ի տուեալներով՝ Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ նախագահներու երկրորդ անձնական հանդիպումը ձախողած է, երբ պարզուած է, որ Փութինը պատրաստ չէ զիջումներու երթալու եւ կը շարունակէ արմատական պահանջներ ներկայացնել։
«Ռուսերը չափազանց շատ բան կ՚ուզէին, եւ ամերիկացիներու համար պարզ դարձաւ, որ Թրամփի համար Պուտափեշթի մէջ գործարք պիտի չըլլաձ», - գործակալութեան յայտնած է իրավիճակին ծանօթ եւրոպացի դիւանագէտը։
Reuters-ի մէկ այլ աղբիւրի հաղորդմամբ՝ Քրեմլի դիրքորոշումը Անքորիճի մէջ կայացած հանդիպումէն ի վեր չէ փոխուած. Ռուսիան դեռ կը հրաժարի դադրեցնել մարտական գործողութիւնները ներկայիս առաջնագիծի երկայնքով։