image

Թրամփ-Փութին հանդիպումը ջնջուեցաւ

Թրամփ-Փութին հանդիպումը  ջնջուեցաւ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը չեղարկած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ մօտ ապագային հանդիպելու ծրագրերը, հաղորդած է Reuters-ը՝ յղում ընելով Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնեայի։

Գործակալութեան աղբիւրը յայտնած է, որ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Սերկէյ Լաւրովի եւ Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ հանդիպումը, որ նախատեսուած էր Պուտափեշթի մէջ Փութին-Թրամփ գագաթնաժողովին նախապատրաստուելու համար, նոյնպէս պիտի չկայանայ։

Պուտափեշթի մէջ գագաթնաժողովի նախապատրաստական ​​աշխատանքները, որու մասին Թրամփը յայտարարած էր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք, եւ որ ան յոյս ունէր կայացնել առաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին, դադրեցուած են, NBC News-ին հաստատած է աղբիւրը։

«Ռոյթըրզ»ի տուեալներով՝ Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ նախագահներու երկրորդ անձնական հանդիպումը ձախողած է, երբ պարզուած է, որ Փութինը պատրաստ չէ զիջումներու երթալու եւ կը  շարունակէ արմատական ​​պահանջներ ներկայացնել։

«Ռուսերը չափազանց շատ բան կ՚ուզէին, եւ ամերիկացիներու համար պարզ դարձաւ, որ Թրամփի համար Պուտափեշթի մէջ գործարք պիտի չըլլաձ», - գործակալութեան յայտնած է իրավիճակին ծանօթ եւրոպացի դիւանագէտը։

Reuters-ի մէկ այլ աղբիւրի հաղորդմամբ՝ Քրեմլի դիրքորոշումը Անքորիճի մէջ կայացած հանդիպումէն ի վեր չէ փոխուած. Ռուսիան դեռ կը հրաժարի դադրեցնել մարտական ​​գործողութիւնները ներկայիս առաջնագիծի երկայնքով։