Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրկին յայտարարած է, որ Իրանի հետ լաւ համաձայնութեան առաջին կէտը պէտք է ըլլայ միջուկային զէնքէն հրաժարիլը՝ հակառակ Թեհրանի բազմիցս կատարած յայտարարութիւններուն, թէ նման զէնքի տիրապետելու ցանկութիւն չունի։
«Առաջին հերթին՝ միջուկային զէնքէն հրաժարիլը»,– ըսած է Թրամփ, երբ լրագրողները հարցուցած են, թէ ինչն է իրեն համար լաւ համաձայնութիւնը։