image

Թրամփ իր մօտ պահած է աւելի քան 300 գաղտնի փաստաթուղթ. The New York Times

Թրամփ իր մօտ պահած է աւելի քան 300 գաղտնի փաստաթուղթ. The New York Times

ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆլորիտայի Մար-ա-Լակոյի մէջ գտնուող իր առանձնատան մէջ պահած է առնուազն 300 գաղտնի փաստաթուղթ։ Գաղտնի նիւթերու շարքին են Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան, Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան եւ Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյի փաստաթղթերը: Այս մասին յայտնած է The New York Times-ը:

Հրատարակութիւնը նշած է, որ Թրամփ յունուարին մօտ 150 գաղտնի փաստաթուղթ փոխանցած է ԱՄՆ Ազգային արխիւներու եւ փաստաթուղթերու վարչութեան։ Թրամփի ներկայացուցիչները մնացած գաղտնի փաստաթուղթերը ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան յանձնած են յունիսին, իսկ որոշները գրաւած են օգոստոսի սկիզբը Մար-ա-Լակոյի մէջ խուզարկութեան ժամանակ։

Այժմ Սպիտակ տան ներկայացուցիչներն ունին նիւթերու 26 տուփ, որոնք Թրամփ պահած է իր մօտ. ատոնց մէջ կայ «յոյժ գաղտնի» մակագրուած մէկ փաթեթ, նշուած է հրապարակման մէջ։

Թրամփ իր տան խուզարկութիւնը կապած է 2024 թուականին ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն իր յառաջիկայ մասնակցութեան հետ։